15 Մարտի կէսօրէն առաջ ժամը 11ի շուրջ, ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը ստացաւ հաղորդում մը, թէ Ամարասի հովիտի «Խազազին Տակ» կոչուող տեղանքի յարակից խաղողի այգիներուն մէջ 3 քաղաքացիներ երկրագործական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին յայտնուած են յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձիգներով արձակուող անկանոն կրակոցներու տակ:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ կրակոցներուն պատճառով դադրեցան գիւղատնտեսական աշխատանքները: Տուժողներ չկան:
Դէպքին մասին տեղեկութիւնները փոխանցուեցան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դարձեալ տարածեց ապատեղեկատուութիւններ, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները հերքեցին զանոնք։
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Մարտի 15ին ժամը 00:10ից 02:30ն ընկած ժամանակահատուածում ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել հայ-ադրբեջանական սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ եւս կը շեշտուի, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբր թէ բանակի ստորաբաժանումները 15 Մարտին պարբերաբար կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, ապատեղեկատուութիւն է: