«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ծրագրած է հետաքրքրական հանդիպում մը Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ: Թերթիս յղուած թղթակցութեան մէջ մանրամասնութիւններ կը տրուին այդ հանդիպւմին մասին:
Շուրջ դար մը առաջ էր, երբ մեր թշնամին ծրագրուած ու դաւադիր, Պատմական Հայաստանը պարպեց իր հարազատ բնակիչներէն: Տարագիր նոյն այս սերունդի զաւակներուն յաջորդները, ներկայ քաղաքական որոշ թոյլտուութիւններէն քաջալերուած, յաճախ կ’այցելեն իրենց պապերու այս դարաւոր երկիրը ու իրենց հետ կործանած ու կորսուած հայրենիքի մը դառն յիշատակին կողքին կը բերեն նաեւ անոր անջնջելի ժառանգութեան մխիթարութիւնն ու հրճուանքը: Անցեալ աշնան, գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Զաւէն Խանճեան նման ուխտագնացութիւն մը կատարած էր:
Շրջապտոյտի ծիրէն ներս ինկած էին Կիլիկիոյ արեւելեան սահմանները, Այնթապ, Մարաշ, Զէյթուն, առաւել՝ Հռոմկլա, Ուրֆա, Խարբերդ, Արաբկիր, Մուշ, Պիթլիս, Վան, Անի, Կարս եւ Համշէն:
Այս առթիւ, հովանաւորութեամբ՝ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ «Համազգային»ի Կլէնտէյլ-Պըրպէնք-Լա Քրեսէնթա միացեալ մարմնին, Հինգշաբթի, 8 Փետրուար, 2007ի երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Զաւէն Խանճեանի կատարած այս պատմական այցելութեան նուիրուած ականատեսի վկայութիւններու շուրջ յատուկ ելոյթ մը, ընկերակցութեամբ Պատմական Հայաստան շրջապտոյտներ կազմակերպող մասնագէտ՝ Արմէն Արոյեանի:
Հայրենի պապենական ժառանգութիւնը, մէկ խօսքով, հայաթափուած հայրենիքը ներկայացնող այս ձեռնարկին անձնական տպաւորութիւններու կողքին պիտի ցուցադրուին նաեւ սահիկներ եւ տեղի պիտի ունենայ տեսաերիզի ցուցադրութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք համայն ժողովուրդը: Մուտքը՝ ազատ: