Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան դարձեալ ոսկի մետալի տիրացաւ:
Յենացատկի մրցումներու աւարտականին, ան 15.083 կէտեր ապահովելով՝ գերազանցեց բոլորը:
Նշենք, որ Դաւթեան ոսկի մետալի տիրացած էր նաեւ Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն` ապահովելով 15.133 կէտեր:
Այս մրցաշարքի մրցումները վարկանշային են աշխարհի ախոյեանութեան համար, որուն ընթացքին մարզիկները կը պայքարին ապահովելու համար Փարիզի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:
Աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ (Ատրպէյճան), որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Հայաստանի ազգային հաւաքականը: