ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան Հոկտեմբեր 20ին ընդունեց Չինաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւն մը, Սիւ Ցզեալուի գլխաւորութեամբ:
Նշելով, որ անցեալ աւելի քան մէկ տասնամեակի ընթացքին Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ փոխըմբռնման եւ իրաւահաւասարութեան վրայ հիմնուած քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութուն հաստատուած է, վարչապետը վստահութիւն յայտնեց երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներու վերաբերեալ:
Իր եւ պատուիրակութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Սիւ Ցզեալուն ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ գործակցութեան հետագայ սերտացման մէջ կարեւոր հաամարելով նաեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններուն դերը՝ ան հրաւիրեց վարչապետ Մարգարեանը կրկին այցելել Չինաստան:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ հայ-չինական առեւտրատնտեսական գործակցութեան հարցերուն:
Հանդիպման աւարտին վարչապետ Մարգարեան յաջողութիւն մաղթեց Սիւ Ցզեալուին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան՝ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական խոր արմատներ ունեցող բարեկամութեան եւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման ուղղուած իրենց առաքելութեան իրականացման համար: