ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի վարչապետ Մաթի Վանհանէն Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին ազդարարեց Թուրքիոյ իշխանութեանց, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւններուն ապագան «անորոշութեան պիտի մատնուի», եթէ Անգարա մինչեւ Դեկտեմբեր 6 դրական պատասխան մը չտայ Կիպրոսի առջեւ թրքական օդակայաններն ու նաւահանգիստները բանալու Եւրոմիութեան պահանջին:
Ան բացատրեց, թէ Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովը վերոյիշեալ թուականին պիտի հանդիպի՝ յանձնարարականները կատարելու համար Դեկտեմբեր 14-15ին կայանալիք Եւրոպական միութեան անդամ պետութեանց ղեկավարներու գերաստիճանին:
Գերաստիճանէն քանի մը օր առաջ հանդիպում մը տեղի ունենայ նաեւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:
Եւրոմիութեան անդամ հանդիսացող Կիպրոսի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելէ առաջ, Անգարա կը պահանջէ Եւրոպական միութենէն, որ վերջ տայ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի վրայ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումին: