Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հանդիպումները կարելի է իրականացնել Թիֆլիսի մէջ, որովհետեւ Վրաստան աշխարհագրականօրէն շատ յարմար վայր է անոր համար: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը հաղորդէ «Թասս»ը` վկայակոչելով Անդրկովկասի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերու Ժընեւեան քննարկումներու համանախագահ, Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի խօսքը՝ Վրաստանի հանրային հեռարձակողի Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Թիֆլիսը այն վայրն էր, ուր տեղի ունեցած է (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, եւ կրնայ դարձեալ դառնալ այդ վայրը թէ՛ առաջնորդներու հանդիպումներուն համար եւ թէ այլ ձեւաչափով: Վրաստան աշխարհագրականօրէն շատ յարմար է այս առումով. այստեղ կարելի է արագ եւ դիւրութեամբ գալ դրացի երկիրներէն», ըսաւ Քլաար:
Ան տրամաբանական նկատեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ գտնուող երեք երկիրները փորձեն համագործակցութեան եզրեր գտնել: Ըստ անոր՝ «կարեւոր է Վրաստանի դերը կամուրջ ըլլաու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:
Քլաար նաեւ յայտնեց, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ քննարկեց Վրաստանի միջնորդական դերը Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ: