
Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրի հիմնադրութեան 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 4 Մարտի երեկոյեան, Փասատինայի «Նուռ» ճաշարանին մէջ։
«Հպարտ ենք, որ մանկամսուրը վերջին երեսուն տարիներուն առիթը ունեցած է բազմաթիւ մանուկներու կեանքին մէկ մասնիկը դառնալու», կը յայտնէ մանկամսուրի վարիչ Կարին Չուքատարեան՝ շեշտելով, որ հայերէնը, հայ մշակոյթը եւ հայոց պատմութիւնը դասաւանդելը եղած է մանկամսուրին բերած լուման՝ հայապահպանման համազգային ջանքերուն մէջ։
«Հօրս նուիրումին, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ համայնքին եւ եկեղեցւոյ ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել նման մանկամսուր մը հաստատելու մեծ մօրս տարիներու երազը», կը յայտնէ մանկամսուրին կրթական մարմինի անդամ եւ Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեաններու թոռնիկը՝ Թամար Թաւլեան Երեմեան, որ կը շարունակէ իր նախնիներուն առաքելութիւնը։
30ամեակի ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (626) 398-8199 թիւին։