
ՌԻԹԱ (ՊՕԼԱՏԵԱՆ) ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
(Ծնեալ` 1955ին, Թրիփոլի, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Ռիթա Գալայճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2023ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, 900 W. Lincoln Ave., ապա թաղումը՝ Rose Hills Memorial Park գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Ճորճ Գալայճեան
Զաւակները՝ Ճէք եւ Րաֆֆի Գալայճեաններ
Քոյրը՝ Քէթի եւ Զաւէն Գուլլուգեան
Տագրը՝ Վազգէն եւ Ազնիւ Գալայճեան
Տագրը՝ Յարութ եւ Անի Գալայճեան
Հօրեղբայրը՝ Փիեռ եւ Սօսի Պօլատեան (Լիբանան)
Հօրաքոյրը՝ Լորա Առաքելեան
Քրոջ զաւակը՝ Շանթ եւ Անի Գուլլուգեան եւ զաւակները
Եւ համայն Գալայճեան, Պօլատեան, Գուլլուգեան, Առաքելեան, Մուրքիճանեան, Աճէմեան, Հալապի եւ Համաուի ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Թումանճեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին (Mesrobian School, 8420 Beverly Rd., Pico Rivera, CA 90660):