Արցախի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները յետընթաց արձանագրեց եւ կը փափաքի տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կառուցողական երկխօսութեան վերականգնումը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Մենք կը պատրաստուինք ընել այն, ինչը վերջապէս առաւել օգտակար է: Նախորդ տարեվերջին տեղի ունեցան քանի մը հանդիպումներ, զորս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կազմակերպեց իր պաշտօնակիցներուն միջեւ՝ եռակողմ հանդիպում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որուն մասնակցեցաւ նախարար Պլինքըն: Մենք այդ մէկը ըրինք Պլեր Հաուզին մէջ: Մենք այդ մակը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ: Անշուշտ, վերջերս մենք տեսանք յետընթաց, երբ խօսքը կը վերաբերի Արցախին: Մենք կ՛ակնկալենք, որ կառուցողական երկխօսութիւնը վերականգնի: Մենք պատրաստ ենք երկկողմ համագործակցութեան: Մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ պաշտօնակիցներուն հետ եւ անոնց միջոցով, ԵԱՀԿի միջոցով կամ, եթէ եւ երբ յարմար ըլլայ, եռակողմ ձեւաչափով, ինչպէս ըրած ենք նախապէս», ըսաւ Փրայս:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կը նախատեսէ յառաջիկայ օրերուն հեռաձայնային զրոյց ունենալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Նախարարը կարելիութիւն ունեցաւ զրուցելու Հայաստանի ղեկավարին հետ: Ես կ՛ակնկալեմ, որ ան յառաջիկայ օրերուն կարելիութիւն պիտի ունենայ զրուցելու նախագահ Ալիեւի հետ», ըսաւ ան:
Փրայս ընդգծեց, որ, հակառակ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի պաշտօնաթողութեան, նախարարութեան մէջ կան բազմաթիւ անձեր, որոնք ներգրաւուած են այս գործընթացին մէջ, որոնցմէ մէկը նախարար Պլինքընն է: «Ասիկա անոր համար անձնական առաջնահերթութիւն է», ընդգծեց բանբերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայկական ու ատրպէյճանական կողմերէն որոն՛ք պիտի ըլլան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ երկրի ղեկավարնե՞րը, թէ նախարարները՝ Փրայս ըսաւ, որ այդ մէկը կողմերը կ՛որոշեն: