Կիրակի, 5 Նոյեմբերի առաւօտուն, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կամարներէն հայ հոգիներուն մէջ կը տարածուէին հայոց հաւատքի ծնունդ շարականները։ Հիմա Տէրն է, որ շրթունքները կը բանար, բերանները՝ իրեն օրհնութիւնը երգելու, բարբառելու՝ «Զարթի՛ր, Տէ՛ր, ընդէ՞ր ննջեց…»։ Իսկ արեւուն հետ ծիրանի հոգիներէն դուրս կը ժայթքէր «Առաւօտ լուսոյ»ն, «Փառք ի բարձունս Ասատուծոյ» եւ «Սուրբ Աստուած»ը։
«Հրաշափառ»ի երգին մէջէն կ’անցնէր թափօրը Ս. Պատարագի։
Պատարագը կը մատուցէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, իսկ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը եւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը։ Ներկայ էր նաեւ Եփրեմ արք. Թապաքեանը։
Հաւատացեալներու բազմութիւնը երկիւղածութեամբ կ’ունկնդրէր ու կը մասնակցէր Ս. Պատարագի երգեցողութեան։ Երգեցողութիւնը կը կատարուէր եկեղեցւոյս սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի պատանիներուն կողմէ։
Քարոզի պահն է։ Առաջնորդ սրբազանը փառք եւ գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ կը գտնուի Հովիտի հայ համայնքին հետ եւ միասնաբար անոնց հետ կը նշէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 34րդ տարեդարձը։ Հայաստանեայց
Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 4 Նոյեմբերը Ամենայն Սրբոց տօնն է, եւ քանի որ սուրբերը նաեւ նահատակներ են եղած, կենդանի նահատակներ, եւ քանի որ այս եկեղեցին կնքուած է Սրբոց Նահատակաց անունով, արդ այսօր անուանակոչութեան տօնն է եկեղեցւոյս։ Եւ իբրեւ մէկ հօր որդիներու, այս Ս. եկեղեցին եկած ենք մեր հաւատքի ուխտը վերանորոգելու, ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը. սուրբերը իրենց հաւատքին համար նահատակուած են, իրենց արիւնով վկայած են եւ իրենց կեանքերը նուիրաբերած՝ պաշտպանելով Քրիստոսի անունը։ Անոնք անձնազոհ վկաներն են Քրիստոսի եւ իրենց թափած արիւնով եւ ունեցած ժայռանման հաւատքով հաստատած են Քրիստոսի Ս. եկեղեցին։ Անոնք եղան Քրիստոսի անունին համար բազմաչարչար վկաներ եւ իրենց հաւատքին մէջ մնացին անխախտ ու անսասան, չշեղեցան իրենց առաքելութենէն, այլ հաստատ քալեցին ճշմարիտ ճամբէն եւ մեզի ալ կտակեցին քալել նոյն ճամբէն։ Ուստի, մե՛նք ալ պէտք է քալենք այն ճամբէն, որ իրենցը եղաւ, պէտք է անոնց նման Աստուծոյ հետ քալենք, Աստուծոյ Որդւոյ հաւատարմութեան մէջ ապրինք, եւ իրենց մեզի թողած աւանդը պէտք է մեր մէջ միշտ վառ պահենք։
Ապա ան օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, նաեւ բոլոր նախկին սպասարկուներուն, որոնք գործեցին ու անցան։ Եւ աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյս այսօրուան սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած անոնց քայլերը առաջնորդէ, զիրենք փրկէ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն տեսակի փորձութիւններէ եւ զիրենք իրենց ծառայական ուխտին մէջ միշտ անխախտ պահէ։
Պատարագի աւարտին, թափօրը առաջնորդուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։ Կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Սրբազանը օրհնեց եւ բարձր գնահատեց Տիկնանց միութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ մատաղին իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւն բերած բոլոր հաւատացեալները։
Աւարտին, սրբազան հօր «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» ու «Մեր հայրենիք» մաղթերգներու կատարումով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալներ կարգով մօտեցան եւ վերցուցին մատաղի իրենց հրամցուած բաժինը եւ հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։