Ատրպէյճանի համակարգուած գործողութիւնները, ներառեալ` քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու դէմ նախորդ միջադէպերը, անգամ մը եւս կը վկայեն այն մասին, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ նախապէս ծրագրուած էր, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան։
Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի այդ քայլը նպատակ ունի վնաս հասցնել բնակչութեան եւ մարդկային մեծ ճգնաժամ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: