ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Կենդանական աշխարհը պայքարի դաշտ է, ուր ամէն տեսակ ու նոյնիսկ նոյն տեսակի պատկանող ամէն խումբ եւ վոհմակ կը պայքարի իր տարածքը եւ սնունդը ապահովելու՝ ի գին միւս խումբի կամ տեսակի տարածքին: Մարդկութիւնն ալ նոյն այդ կենդանական աշխարհին կը պատկանի, հետեւաբար, անոր պատմութիւնը անվերջ պայքարի եւ պատերազմներու պատմութիւն է:
Պատերազմներուն յաղթանակածները միշտ եղած են անոնք, որոնք կամ թուային առաւելութիւն ունեցած են, կամ՝ աւելի լաւ սպառազինութիւն, երբեմն ալ՝ հակառակորդի թուային եւ զինական առաւելութեան դէմ ամուր պաշտպանողական պարիսպներ, սակայն կարեւորագոյնը՝ գերազանց ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնն է:
Այդ գերազանց մարտավարութեանց եւ ռազմավարութեանց արդիւնքով է որ պատերազմներէն ոմանք եղած են անկիւնադարձային եւ փոխած են ժողովուրդներու ու նոյնիսկ ցամաքամասերու հետագայ ճակատագիրը, ինչպէս Մարաթոնի, Ուոթըրլոյի, Ստալինկրատի եւ ի թիւս այլոց՝ մանաւա՛նդ Կոստանդնուպոլսոյ ճակատամարտը:
29 Մայիս 1453ին ինկաւ Կոստանդնուպոլիսը՝ 53 օրեր շարունակ քաղաքը պաշտպանող Կոստանդին կայսեր 7000 զինուորներէն բաղկացած բանակին եւ Օսմանեան անհամեմատ բազմամարդ բանակին միջեւ բուռն կռիւներէ ետք: Օսմանեան բանակը մշտապէս վերանորոգուելու կարելիութիւնը ունէր, սակայն պաշարեալներն ալ ունէին գերազանցապէս ամուր, հազար տարի դիմացած ու 23 այլ բանակներ պարտութեան մատնած պարիսպներու համակարգ մը՝ քաղաքին երեք կողմերը պատսպարող, իսկ չորրորդ կողմը կար ծովը եւ Ոսկեղջիւրի անցքը (Golden Horn), որ անանցանելի էր, մէկ ափէն միւս ափը՝ դէպի Կալաթա քաղաք երկարող երկաթեայ շղթային պատճառով, որ միայն բարեկամ նաւերու համար կը բացուէր: Ուստի, քաղաքին պաշտպանութիւնը յուսալի էր, եթէ չըլլային քանի մը գործօններ: Այդ գործօններն էին ներքին դաւադրութիւնը, Եւրոպայի անմիաբանութիւնը եւ յարանուանական ճղճիմ հաշիւները: Այս կարեւոր գործօններէն բացի, կար նաեւ անգնահատելի այլ գործօն մը՝ Օսմանեան կողմի ղեկավար սուլթան Մեհմետ Բ.ի անզուգական եւ հանճարեղ մարտավարութիւնը, որ անակնկալի բերաւ հակառակորդին բանակը:
Մեհմետ Բ. տասնինը տարեկան էր, երբ իր հօրմէն ժառանգեց գահը, եւ դիմադրելով այդ օրերուն համար սովորական եղած պալատական դաւադրութիւններուն՝ կրցաւ երկաթեայ իր կամքին հպատակեցնել վեզիրներն ու փաշաները, եւ միայն 21 տարեկանին ձեռնարկեց Կոստանդնուպոլսոյ յիշեալ գործողութեան: Արդարեւ, հակառակ փաշաներուն ճնշող խորհուրդներուն՝ ան ոչ միայն յամառօրէն շարունակեց ամէնօրեայ ռմբակոծումները հունգարացի քրիստոնեայ զինագործի մը սարքած ցարդ ամենամեծ թնթանօթներով, այլ յղացաւ աներեւակայելի եւ նախապէս ոչ մէկ այլ բանակի կողմէ օգտագործուած մարտավարութիւն մը: Պէտք էր ամէն գնով Ոսկեղջիւրի երկաթեայ շղթան շրջանցել եւ անցնիլ միւս կողմ, ինչ որ մէկ կողմէն պիտի արգիլէր հաւանական օգնութեան հասնող արեւմտեան նաւատորմին մուտքը քաղաք, իսկ միւս կողմէ պիտի յուսալքէր պաշարեալները եւ խորտակէր արդէն իսկ շարունակ ռմբակոծուած ու թուլացած պարիսպները՝ ներխուժելով քաղաք: Բայց ինչպէ՞ս շրջանցել այդ շղթան… կար մէկ միջոց. օսմանեան նաւատորմը (այդ օրերուն փոքր նաւեր էին) գերաններու վրայ, եզներու եւ մարդկային բազուկներու միջոցաւ Կալաթան շրջանցող անտառներուն միջով գլորելով՝ հասցնել շղթային միւս կողմը: Այդ հանճարեղ միտքը յաջողութեան հասաւ եւ կարելի դարձուց ենիչերիներու քաղաք ներխուժումը:
Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Վենետիկի խոստացած օգնութիւնը այդպէս ալ տեղ չհասաւ, եւ քաղաքը վերջնականապէս ինկաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ՝ իր հիմնադրութենէն 1200 տարի ետք, որ ճանապարհ բացաւ կայսրութեան՝ դէպի պալքաններ եւ անդին ընդարձակուելու:
Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ կաթոլիկ Եւրոպան եւ արեւմտեան երկիրները, որոնք բաւարար ուժ ունէին շատ դիւրութեամբ առաջքը առնելու օսմանեան այդ ներխուժման, չտուին այդ յոյժ կարեւոր որոշումը եւ թողեցին, որ ցամաքամասի արեւելեան իրենց դարպասը հանդիսացող Կոստանդնուպոլիսը իյնայ՝ ճանապարհ բանալով յետագայի թրքական բանակներուն եւ բազմութիւններուն Եւրոպայի սիրտը թափանցումին: Այդ չարաբաստիկ պարտութեան հետեւանքներէն են այսօրուան թրքական համայնքներուն՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ առկայութիւնը, Ալպանիոյ իսլամական պետութեան գոյութիւնը եւ վերջապէս՝ արդի թրքական մեծ համայնքներու տարածումը Արեւմտեան Եւրոպայի բոլոր երկիրները, նոյնիսկ՝ արդի Թուրքիոյ հանրապետութեան հզօրացումը եւ Եւրոպայի ու տարածաշրջանին դէմ անոր նետած մարտահրաւէրները:
Մեր տարածաշրջանին մէջ այդ մարտահրաւէրներէն էր 2020ին Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական միացեալ յարձակումը, որուն իբրեւ հետեւանք մենք կորսնցուցինք մեր պատմական հայկական՝ բազում զոհողութիւններով ձեռք բերուած հողերը: Այդ 44օրեայ պատերազմին մեր պարտութեան պատճառները շատ են. անոնցմէ գլխաւորը՝ անցնած երեսուն տարուան մեր անգործութիւնը եւ ապիկարութիւնը, իսկ բուն պատերազմի օրերուն, հակառակ մեր երկրի անառիկ կռուաններուն, աշխարհագրութեան եւ բնութեան՝ Շուշիի անկումով պատերազմին անփառունակ աւարտը: Մենք կորսնցուցինք մեր արեւելեան դարպասը եւ Հայաստանը վերածեցինք խոցելի թէ՛ արեւմուտքէն, թէ՛ արեւելքէն: Պարտութեան միւս պատճառներէն կրնան ըլլալ հաւանական ներ-հայկական դաւադրական գործունէութիւններ, որոնք ցարդ փաստուած չեն, նաեւ մեր դաշնակիցներուն բացայայտ դաւաճանութիւնը մեզի եւ ամենակարեւորը՝ մեր ղեկավարութեան ու բանակի հրամանատարութեան ոչ-փայլուն դրսեւորումը: Մեր անառիկ լեռները եւ կիրճերը հնարամիտ մարտավարութեամբ մը կարելի էր դարձնել ներխուժող թշնամի բանակին գերեզմանը: Չգտնուեցա՛ւ սակայն այդ հրամանատարութիւնը:
Այս օրերուն, նոր մարտահրաւէրի առջեւ ենք, եւ հանրապետութեան սահմաններն են սպառնալիքի տակ: Զանգեզուրը Հայաստանի Ոսկեղջիւրն է, որուն գրաւումով՝ Հայաստանի գոյութիւնը հարցականի տակ կը դրուի: Ինչպէս Արեւմտեան Եւրոպան չկրցաւ ըմբռնել Կոստանդնուպոլիսը փրկելու անհրաժեշտութիւնը, Ռուսիան եւս, ըստ երեւոյթին, չ՛ընկալեր, թէ Զանգեզուրի կորուստով՝ վերջապէս Ռուսիան ի՛նքն է որ ներխուժման պիտի ենթարկուի ոչ-հեռու ապագային:
Մենք Ռուսիոյ այս վարքագիծը տեսնելով, պէտք է ամէն գնով ապաւինինք բացառապէս մեր սեփական ուժին, որուն համար ալ անհրաժեշտ է պետութեան շուրջ զօրակոչուիլ բոլորո՛վ, ի գործ դնել մեր ամբողջ կարողականութիւնը՝ Սփիւռքով եւ հայրենի հայութեամբ, դիւանագէտներով եւ կղերականութեամբ, գիտնականներով եւ մասնագէտներով, բոլորո՛վ մէկ, որպէսզի ամուր պահենք Զանգեզուրը, զայն դարձնենք իսկապէս անառիկ, իսկ անխուսափելի յաջորդ պատերազմին ի յայտ բերենք այդ բացառիկ ռազմական ղեկավարութիւնը եւ գերազանց մարտավարութիւնը, որուն միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ անառիկ պահել հայրենի երկիրը: