21 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ ներկայացուց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ռուս խաղաղապահը կը մօտենայ իբրեւ բնապահպաններ ներկայացող ատրպէյճանցիներուն, անոնցմէ կը խնդրէ բանալ ճամբան դէպի Լաչինի միջանցքը խաղաղապահներու ինքնաշարժի շարասիւնին համար:
«Մերժուելով նա հրամայում է շրջուել եւ յետ գնալ: Ադրբեջանական կեղծ յօրինուածքի եւս մէկ ապացոյց», նշեց Ստեփանեան:
Արդէն 10 օր է Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ է։ Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք Արցախի 120 հազար հաշուող բնակչութիւնը, որուն 30 հազարը մանուկներ են, յայտնուած է մարդկային ճգնաժամի մէջ: Իսկ 1100 քաղաքացիներ, որոնցմէ 270ը անչափահասներ, ճամբու փակման պատճառով տուն վերադառնալու կարելիութիւնը չունին:
Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան՝ Արցախի բժշկական հաստատութիւններու վերակենդանացման բաժիններուն մէջ գտնուող առաւել քան երկու տասնեակ առողջական լուրջ հարցներ ունեցող հիւանդներ, որոնցմէ 13ը՝ մանուկներ, անյապաղ Հայաստան տեղափոխուելու կարիքը ունին: 350 հիւանդներ չեն կրնար բուժում ստանալ Հայաստանի մէջ։ Արցախի մէջ ժամանակաւորապէս դադրեցուած են բոլոր ընտրովի վիրահատութիւնները:
«Հայաստանից ամէն օր 400 տոննա սննդամթերք ու դեղորայք հնարաւոր չի լինում հասցնել Արցախ: Տրանսպորտային (փոխադրութեան) ամբողջական շրջափակումը սպառնում է սննդի, դեղորայքի եւ վառելիքի պակասով», հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:
In case Azerbaijan protesters “WERE ABLE STOP” Russian troop
means They are no longer protectors for Safety; BUT THE REALITY,
they were Russian Guards who closed Lachin corridor, with picture
proofs. 2 reason given: perpetual war to stay in 30% Arzakh territory
2nd version is divide Iran in several sections to satisfy Only enemy
of Israel. Urgently Oblige to meet with Putin, “is Pinching Pashinian
ear, force him to accept Lachin passage against Meghry Passage
signing”. IF HE SIGN, ARMENIAN PROTEST IN SECURITY COUNCIL
WILL BE NULLIFIED, ARMENIA DISHONORED !!!; RUSSIA, TURKEY,
AZERBAIJAN JUSTIFIED !!!. *IF ACCEPT, SIGNS ITS DEATH SENTENCE*
CONTINUATION OF VASSAK SUNI, VERST SARKIS, MELIK FRANGUL.
BUT IF REFUSES,*PROPOSE 1st REPUBLIC CONTINUATION*, WILL BE
REMEMBERED AS ARMENIA SAVER. Every one will die, HAVING GOOD
PATRIOTIC MEMORY IS FOREVER, NO BODY FORGETS ARAM
MANOUKIAN, NEJTEH, KEVORK CHAOUSH, ANTRANIK PASHA,
ROUPEN PASHA PATRIOTS !!!.