
Լաչինի միջանցքը 5րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ փակ մնալ: 16 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, նաեւ այլ աղբիւրներ չբացառեցին, որ միջանցքը բացուի նոյն օրը, սակայն անիկա մնաց փակ։ «Դա իրենց որոշումն է, դա իրենք են որոշել, որովհետեւ զգացել են` ինչ սխալ են արել», ըսաւ միջանցքի բացման ենթադրութիւն կատարող Վարդանեան:
Իրենք զիրենք բնապահպան անուանող ցուցարարները հոն են տակաւին, լարած են ատրպէյճանական 5 վրաններ եւ տեղադրած բազմաթիւ դրօշներ: 16 Դեկտեմբերի առաւօտեան եւ երեկոյեան ցուցարարները պահ մը ետ քաշուեցան՝ ռուս խաղաղապահներուն բեռներ տանող քանի մը ինքնաշարժներուն անցնելու կարելիութիւն տալու համար: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարեցին, թէ խաղաղ ցուցարարները ճամբայ բացած են հայերուն համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութեան առջեւ, սակայն Արցախի կառավարութիւնը հերքեց` շեշտելով, որ արցախցիները ոչ մէկ օգնութիւն ստացած են, իսկ ճամբան կը շարունակէ մնալ փակ։
Այնուամենայնիւ, 16 Դեկտեմբերին արձանագրուեցաւ դրական զարգացում մը՝ Ատրպէյճան 75 ժամ արցախցիները առանց կազի եւ ջեռուցման ձգելէ ետք, բացաւ Արցախ մտնող կազատարի փականը` առանց որեւէ նախապայմանի։ Ներկայիս կազ կայ Արցախի ամբողջ տարածքին. օրուան առաջին կիսուն կայարաններուն առջեւ արդէն խճողում էր։
Վարդանեան աւելի ուշ յայտարարեց, որ 17 Դեկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք պիտի կատարուի։ «Այս 4 օրերը, որ մենք անցկացրեցինք այս իրավիճակում, մեզ բոլորիս թոյլ տուեց հասկանալ, որ մենք միասնական ենք: Դրա համար մենք վաղը յայտարարում ենք հանրահաւաք, որը կ’անցկացնենք Ստեփանակերտում, ժամը 15:00ին: Կոչ եմ անում բոլորին մասնակցել հանրահաւաքին, որպէսզի ցոյց տանք մեր ուժը, մեր միասնականութիւնը, ցոյց տանք, որ Արցախը մեծ ուժ է», ըսաւ Վարդանեան: