Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 Դեկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու պատասխանատու Քերըն Տանֆրիտի հետ` քննարկելով տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Անոնք խօսեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նաեւ՝ Արցախի հիմնահարցին մասին: Շեշտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացին։
Միրզոյեան ու Տանֆրիտ անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային ապահովութեան եւ սահմանազատման գործընթացին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման:
Ընդգծելով Հայաստանի կողմէ ներդրուող ջանքերը՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, նախարար Միրզոյեան նշեց, որ տարածաշրջանին մէջ ապահովական վիճակը փխրուն է, իսկ Ատրպէյճանի նոր սադրանքներու հաւանականութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ: