ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Տասնամեակներէ ի վեր սովորութիւն է որ Դեկտեմբեր ամսուան մէջ նշուի Դաշնակցութեան Օրը, որ հիմնականին մէջ կը յատկանշուի բանախօսներուն կամ պատգամախօսներուն կողմէ կատարած հաշուետուութեամբ՝ կուսակցութեան անցած ուղիին մասին։
Միշտ ալ պատգամախօսները վեր առած են Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքը եւ անոր ներդրումը՝ հայ քաղաքական կեանքին մէջ, միաժամանակ փորձելով ընդգծել անոր էութիւնը։
Եւ իսկապէս, ՀՅԴի օրուան առիթով իւրաքանչիւրիս միտքին մէջ պէտք է յստականայ, թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը։
Այս հարցումին իբրեւ պատասխան կարելի է ոչ միայն երկար խօսիլ, այլեւ հատորներ գրել։
Իբրեւ առաջին հաստատում յստակօրէն կարելի է ըսել, թէ Դաշնակցութիւնը դասական հասկացողութեամբ կուսակցութիւն չէ։ Թիւր կարծիք կայ տարածուած, թէ Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրն ու կանոնագիրն է։ Միանշանակ կրնանք ըսել որ կանոնագիրը Դաշնակցութիւնը չէ։
Առաջին հերթին, Դաշնակցութիւնը երեսնամեայ յեղափոխական կռիւ մղող կուսակցութեան պատմութիւնն է։ Այդ պատմութիւնը շաղախուած է հազարներու արիւնով, հաւատքով, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ։ Ան միաժամանակ կռիւ մղած է ե՛ւ սուլթանին դէմ, ե՛ւ ցարին դէմ, ե՛ւ խաներուն եւ քիւրտ բէկերուն դէմ։ Պէտք է ընդգծել, որ այդ կռիւը միշտ ալ մղած է անհաւասար պայմաններու տակ, բայց երբեք չէ ընկրկած, չէ նահանջած եւ ամէնէն էականը, երբեք չէ բարոյալքուած, նոյնիսկ երբ պարտութիւններ կրած է։
Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան բարոյական արժէքները, ըմբռնումներն ու հասկացողութիւններն են։ Ամէնէն դաժան կռիւներուն մէջ անգամ ան առաջնորդուած է յեղափոխական-բարոյական իր սկզբունքներով եւ անոր հերոսներն ու նուիրեալները կրողը եղած են այդ արժէքներուն եւ շատ յաճախ իրե՛նք իրենց օրինակով ստեղծած են այդ արժէքներն ու հարստացուցած են Դաշնակցութեան բարոյականի կերպարը։
Այլ խօսքով, իր պատմութիւնը ստեղծած է բարոյականի կերպարը եւ միաժամանակ բարոյական բարձր նկարագիրի տէր իր նուիրեալները կերտած են ՀՅԴ պատմութիւնը։ Այս փոխադարձ հարստացումը ամէնէն յատկանշական գիծն է անոր գործունէութեան, որ վստահութիւն տուած է հայ ժողովուրդին եւ ներշնչարանը դարձած է նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութեան եւ զոհաբերութեան ոգիին։
Դաշնակցութեան թէ պատմութիւնը, իր բոլոր ժամանակաշրջաններով եւ յատկապէս երեսնամեայ յեղափոխական-ընդյատակեայ գործունէութեան շրջանին եւ թէ անոր բարոյական հոյակերտ շէնքը հիմք ունին ՀՅԴ ծրագիրը, որ խարսխուած է երկու նշանակալից արժէքներու վրայ՝ ազատութիւն եւ արդարութիւն։
Դաշնակցութիւնը ձգտած է ազատագրել հայ մարդը եւ հայ հողը։ Ազատութեան անոր ընկալումները կը մեկնին ընկերվարական իր համոզումներէն եւ դաւանանքէն։ Ան կտրականապէս դէմ է ամէն տեսակ խտրականութեան։ Անոր պայքարը միմիայն դասակարգային չէ, ինչպէս կը դաւանին մարքսիստական կուսակցութիւնները։ Սակայն ամէնէն ընդգծելին՝ մարդ արարածին ազատագրումն է, ամէն տեսակի կաշկանդումներէ, կաղապարումներէ, նախապաշարումներէ, հարստահարումներէ եւ վերջապէս ամէն տեսակի շահագործումներէ։ Դաշնակցութիւնը մարդ անհատին, այս պարագային՝ հայ մարդուն մէջ կը տեսնէ ընկերային այն էակը, որ ազատ, անկաշկանդ եւ արդար միջավայրի մէջ պիտի ունենայ ազատօրէն ապրելու, արտայայտուելու, ինքզինք դրսեւորելու, ստեղծագործելու եւ կեանքին լիարժէք մասնակից դառնալու անհատականութիւն։
Այո, հանեցէք ՀՅԴ ծրագիրէն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնը իբրեւ արժէք, Դաշնակցութիւնը կը դառնայ սովորական կուսակցութիւն մը։
Հանեցէք Դաշնակցութեան ծրագիրէն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ իբրեւ նպատակ, Դաշնակցութիւնը կը պարպուի իր էութենէն։
Առանց ազատութեան անհասկնալի կը դառնայ անոր գոյութիւնը։
Առանց ազատութեան կ՛աղաւաղուի անոր էութիւնը։
Առանց ազատութեան կ՛այլափոխուի անոր դիմագիծը։
Առանց ազատութեան ան կը պարպուի իր բովանդակութենէն։
Հետեւաբար, ամէն փորձ Դաշնակցութիւնը ներկայացնել իբրեւ ԱՆԱԶԱՏ կուսակցութիւն, նպատակ ունի նսեմացնելու անոր պայքարը, անոր դերակատարութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը։
Դաշնակցութիւնը, գաղափարական իր համոզումներէն մեկնած, միշտ ալ ձգտած է ՀԱՅ մարդու եւ Դաշնակցականին ազատագրումին, որովհետեւ միայն ազատ մարդն է, որ կրնայ խիզախութիւն ունենալ պայքարելու այլոց ազատութիւններուն համար։ Միայն ազատ մարդն է, որ կրնայ ձգտումը ունենալ արդար հասարակարգի մը ստեղծման։ Արդար հասարակարգի ստեղծումը Դաշնակցութեան ներազգային եւ միջ-ազգային գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, թէկուզ հեռաւոր։
Դաշնակցութեան ազատութեան ըմբռնումն ու դաւանանքն են պատճառը, որ աւելի քան հարիւրամեայ այս կուսակցութիւնը քաղաքական մտածողութեան նոր հորիզոններ բացաւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ։ Այդ դաւանանքին շնորհիւ է, որ ձեւաւորուեցան նոր աշխարհահայեացք, նոր մտահորիզոններ եւ քաղաքական նոր ուղիներ։
Դաշնակցութեան ազատութեան ընկալումը դպրոց մըն է, ուր կը դարբնուին ազատ մտածողութիւնն ու ազատօրէն արտայայտուելու կամքը։
Իր հիմնադրութենէն 132 տարի ետք, Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայութեան ազատութեան տենչանքի եւ երազներու ջահակիրն ու առաջնորդը։