Երկար պայքարէ եւ դատական դիմումներէ ետք, ցարդ գաղտնի պահուած շարք մը փաստաթուղթեր ձեռք անցնելով, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը բացայայտեց, թէ Ազատութեան ջատագովման բանաձեւի թիւ 907 բաժինը շրջանցելու՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու որոշումները ինչպէս պատճառ դարձած են, որ Ատրպէյճան հարիւրաւոր միլիոն տոլար շահեր ապահովէ։
Միաժամանակ, հանգստեան կոչուած շարք մը ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներ փորձած են Պաքուն հարստացնելու իրենց քայլերէն անձնապէս օգտուիլ, Ատրպէյճանի եւ անոր բռնատէր նախագահին խորհրդատուութիւն կատարելու ճամբով, սակայն Միացեալ Նահանգներու օդուժի հրամանատարութիւնը, նկատելով, որ զեղծարար իշխանութիւններու հետ այսպիսի կասկածելի գործակցութիւններ կրնան գայթակղութիւն յառաջացնել՝ մերժած է Պաքուի համար աշխատելու նշեալ զինուորականներուն դիմումները։
Ըստ թերթին՝ հաստատուած է, որ Պաքու 2008էն 2014ի միջեւ առնուազն 369 միլիոն տոլարի եկամուտ ապահոված է պետական օդային փոխադրութեան ընկերութեան մը միջոցաւ, Աֆղանիստան հաստատուած ամերիկեան ուժին համար զէնքերու եւ զինամթերքի փոխադրութիւն կատարելով, հակառակ այն իրողութեան, որ Ուաշինկթընի որոշ շրջանակներու մէջ ընդդիմութիւն եղած է Պաքուի նման զեղծարար պետութեան մը հետ գործակցելու գաղափարին նկատմամբ։