Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Մոսկուայի մէջ ռուս իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կ՛երաշխաւորէ, որ Ղարաբաղի հայերը ունենան նոյն իրաւունքները, որոնցմով օժտուած են երկրի միւս քաղաքացիները:
Ըստ անոր՝ Պաքու Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղ համաձայնագիրի դրոյթներուն վերաբերող մեկնաբանութիւններու երրորդ ծրարը:
«ՄԱԿի կանոնադրութիւնը եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրը յառաջընթացի լաւ հիմք կը ստեղծեն», նշեց ան՝ չբացառելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման նուիրուած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու երրորդ փուլը ունենայ մինչեւ տարեվերջ:
Great!!, JUST LIKE WOLF INVITING INTO HIS HOLE, TO SAVE
CHICKEN FROM STORM, PROMISE TO PROTECT THEM…!!!!.