Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութեան վերաբերող խորհրդարանական ընդդիմութեան նախագիծը չընդունուեցաւ: Իշխող ուժը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան: Թէեւ իշխանականները համաձայնած էին արտակարգ նիստին ընթացքին ընդդիմութեան յայտարարութիւնը քննարկել, բայց դէմ էին, որ անիկա ընդունուի:
«Յայտարարութեան մէջ բովանդակային կային մի շարք կէտեր, որոնք մեզ համար սկզբունքօրէն ընդունելի են, եւ, ցաւօք սրտի, դուք չընդունեցիք մեր առաջարկները, ելնելով սրանից, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը չի մասնակցի այս յայտարարութեան քուէարկութեանը», յայտարարեց Հայկ Կոնջորեան:
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կ՛առաջարկէին, որ Հայաստանի խորհրդարանը որդեգրէ յայտարարութիւն մը, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Արցախի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով առանց սահմանափակումներու:
«Յարմար առիթ է մեր հանրութեանը, մեր թշնամիներին, մեր ռազմավարական գործընկեր բարեկամներին եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեանը ցոյց տալ, որ մենք ունենք յստակ կարմիր գծեր մեր անվտանգային համակարգի հետ կապուած», յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան:
Ըստ «Ազատութեան»՝ ընդդիմութիւնը կ՛առաջարկէր այսպիսով պատասխանել Ատրպէյճանի խորհրդարանին նախորդ ամիս որդեգրած յայտարարութեան, որուն միջոցաւ Ատրպէյճան արդարացուց 44օրեայ պատերազմի յանցագործութիւնները եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ նոր սպառնալիքներ հնչեցուց: «Եթէ խորհրդարանը յայտարարութիւն չընդունի, նշանակում է վախենում է», հաստատեց Թեւանեան՝ աւելցնելով. «Լռութիւնը կը նշանակի լաւագոյն դէպքում վախի նշան, իսկ վատագոյն դէպքում` համաձայնութեան նշան»։
Իշխող խմբակցութիւնը չմանրամասնեց, թէ ինչո՛ւ եւ ինչի՛ դէմ են: Արտաքին հարցերու յանձնաժողովի իշխանական ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան դիտել տուաւ, որ նախագիծին մէջ առաջարկուած ձեւակերպումները նախապատերազմեան արտաքին քաղաքականութեան կրկնութիւնն են: «Մեր գնահատականն այն է, որ 30 տարի շարունակուող արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքն ու հետեւանքն այն ստատուս քուոն է, որն արձանագրուած է այսօր», ըսաւ ան։
Փակագիծերը բացաւ Թեւանեան ` նշելով, թէ իշխող ուժը դէմ է, որ ներառեն Արցախի կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձեւակերպումը: «Քաղաքացիական Պայմանագիրը», ըստ Թեւանեանի, ջնջած է հանրապետութիւն բառը:
«Մեր մօտ, օրինակ, գրուած է` պատմական տարածքում ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ յարձակում Ադրբեջանի կողմից, իրենք առաջարկում էին դա գրել` Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ յարձակում, որը նշանակում է, որ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը դիտարկւում է որպէս Ադրբեջանում բնակուող ազգային փոքրամասնութիւն», ընդգծեց Թեւանեան:
Իշխող խմբակցութիւնը դէմ է ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի ձեւակերպման, մինչդեռ այս սկզբունքը նախապէս, նոյնիսկ պատերազմէն ետք կը շեշտէին նաեւ Փաշինեանի խմբակիցները:
«Հարց է առաջանում` ինչպէ՞ս կարող է ընդամէնը ամիսներ առաջ այդ հռետորաբանութիւնը օգտագործող քաղաքական ուժը հրաժարուի այս սկզբունքային հարցադրումներից», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ իշխող ուժին` ընդդիմութեան ձեւակերպումներով Հայաստանի շուրջ միջազգային դիւանագիտական կոնսոլիդացիան (հաստատարկութիւնը) ընկալելի չէ, վտանգաւոր է՝ «Մեր վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ «Հայաստան» խմբակցութեան կողմից առաջարկուող տերմինաբանութիւնը (եզրաբանութիւնը) առաջացնում է աւելի շատ ռիսկեր (վտանգներ), քան նպաստում է Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան օրակարգի առաջխաղացմանը»:
Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճան պէտք է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ետ քաշէ զինուած ուժերը 12 Մայիս 2021էն առաջ գտնուած դիրքերը, վերադարձնէ հայ ռազմագերիները եւ զոհուած զինուորներուն մարմինները: Իշխանութիւնը նախագիծի որոշ կէտերուն համաձայն եղած է, անոր ներկայացուցած առաջարկներուն մէկ մասն ալ ընդդիմութեան համար ընդունելի եղած են, բայց սկզբունքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան չէ գոյացած:
«Ոչ թէ Արցախի կարգավիճակից պէտք է բխեցնենք Արցախի ժողովրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այլ հակառակը` Արցախի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման հրամայականն է առաջինը, որից պէտք է բխեցուի հնարաւոր կարգավիճակը: Սա եւս մէկ պատճառ, թէ ինչու մենք որոշ կէտերի հետ խնդիր ունենք, այսքան բան», նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: