Իշխանութեան հետ բանակցութիւնները ձախողած են, եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը համաձայնութեան չէ հասած ընդդիմութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութեան նախագիծին շուրջ, «Ազատութեան» փոխանցեց «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած էր նախագիծ մը, որուն միջոցաւ Ազգային ժողովը պէտք է յայտարարէ, թէ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ արցախահայերու իրաւունքներու եւ ապահովման երաշխաւորումը կարեւոր գործօն համարելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը առանց սահմանափակումներու: Բացառելով Արցախի գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութեան նախագիծին մէջ նաեւ կը շեշտեն, որ Ատրպէյճան պէտք է իր զինուած ուժերը վերադարձնէ մինչեւ 12 Մայիս 2021 գտնուած բնագիծերը, վերադարձնէ հայ ռազմագերիները եւ զոհուած զինուորներուն ու քաղաքացիական անձերու մարմինները:
Նախքան 3 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտակարգ նիստը, 2 Դեկտեմբերի ամբողջ օրուան ընթացքին, ընդդիմադիրները իշխանական պատգամաւորներուն հետ քննարկեցին յայտարարութեան նախագիծը՝ փորձելով համաձայնութեան հասնիլ: Թէեւ, ըստ Մինասեանի, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի ներկայացուցած փոփոխութիւններուն մեծ մասը իրենց կողմէ ընդունելի եղած են, սակայն իշխանական պատգամաւորները համաձայնութեան չեկան:
30 Նոյեմբերին, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ 2 Դեկտեմբերին ընդդիմութեան հրաւիրած արտակարգ նիստը իշխանական մեծամասնութիւնը պիտի չտապալէ, բայց ընդդիմադիրներուն հեղինակած յայտարարութեան նախագիծը չ՛ընդունիր, եթէ անիկա չփոխուի: Որովհետեւ համաձայնութեան չկրցան հասնիլ, 2 Դեկտեմբերին, ըստ էութեան, ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը խորհրդարանը պիտի չընդունի:
Where was the ARF when in 1998 November 30, Robert Kocharyan did sign a document in Istanbul where it confirmed Azerbaijani Territorial integrity. Armenia’s ARF for the last 25 years has been part of criminal and corrupt regime of Robert Kocharyan and Serj Sarkisyan.