
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակներով դիմեց իր նստաշրջանի վերջին մէկ ամիսը ամբողջացնող 117րդ Քոնկրեսի ղեկավարներուն, որ տարեվերջէն առաջ իրենց վաւերացնելիք բանաձեւներուն մէջ նկատի ունենան նաեւ ատրպէյճանական յարձակումներէն մեծապէս տուժած Արցախի ժողովուրդին 50 միլիոն տոլարի անմիջական մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու հրամայականը։
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզին յղուած նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտականին, որ վերջերս Ծերակոյտի լսումներուն ընթացքին բարձրացուցած էր հայութեան ձայնը՝ խստօրէն քննադատելով Պաքուին աջակցութիւններ տրամադրելու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքը եւ ապա կը շեշտէ վերոնշեալ օժանդակութիւնները Արցախի ժողովուրդին կարելի եղածին չափ արագ հասցնելու կարեւորութիւնը, հակառակ Պաքուի ընդդիմութեան։
Նամակը ամբողջութեան կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոնին յղուած նամակին մէջ, Համբարեան կը շեշտէ, թէ հակառակ անոր որ Պայտընի վարչակազմը Պաքուի ճնշումներու տակ է՝ Արցախին ուղղակի աջակցութիւն տրամադրելու գծով, Քոնկրեսը պէտք է կառավարութեան յստակ դարձնէ, թէ կարելի չէ տեղի տալ նման բռնատիրական իշխանութիւններու դիմաց։
Նամակը ամբողջութեան կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։