ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման աջակցելու հարցերու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հետ, որոնք ներկայացուցին Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի առաւելապաշտական նկրտումները եւ ոչ-շինիչ քաղաքականութիւնը:
«Հայաստանը պաշտպանում է ռուսական կողմից դեռեւս ընթացիկ տարուայ Օգոստոսին ներկայացուած առաջարկները, որոնք կարող են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման հետագայ բանակցութիւնների հիմք հանդիսանալ», ըսաւ Փաշինեան Խովաեւի հետ հանդիպման ընթացքին:
Անոնք քննարկեցին Սոչիի մէջ, 31 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Արցախի հիմնահարցին վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան Խովաեւի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն զերծ մնալու՝ կողմերու յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Ատրպէյճան իր յարձակողական վարքագիծով եւ առաւելապաշտական նկրտումներով կը շարունակէ խոչընդոտել տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Խովաեւին վերջին զարգացումներուն գծով հայկական կողմի մօտեցումներուն եւ տեսակէտներուն ուղղութեամբ: Կողմերը պայմանաւորուեցան պահպանել կապը հետագայ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով: