Շաբաթ, 5 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Միասնութեան հանրահաւաք՝ յաջակցութիւն Արցախին, մասնակցութեամբ բազմաթիւ քաղաքական ուժերու, ազգային-հասարակական գործիչներու եւ ժողովուրդի:
Միասնութեան հանրահաւաքը սկսաւ 1988ի համազգային շարժումին նման՝ շեփորի հնչիւններու տակ: Տէրունական աղօթք կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան:
«Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքի իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնի, որպէսզի Եռաբլուրն անտէր ու անիմաստ չմնայ, որպէսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ: Ես հաւատում եմ, որ հոգեւոր Հայաստանը յաղթելու է նոր Հայաստանին, իրական Հաաստանը յաղթելու է կեղծ եւ ֆէյսբուքեան Հայաստանին, տաճարը յաղթելու է փողոցին, ոգին յաղթելու է դուխին, հաշտութիւնն ու սէրը յաղթելու են ատելութեանը եւ թշնամանքին, եւ եռագոյնը յաղթելու է սեւ ու սպիտակին», ըսաւ սրբազանը:
Արցախէն եկած Սուսաննա Աւշարեան, արցախահայութեան ձայնը հնչեցնելով Միասնութեան հանրահաւաքին՝ ըսաւ. «Մենք բոլորս ուս-ուսի տուած կարող ենք աշխարհին ապացուցել, որ Արցախը հզօր է իր որդիներով, իր մայր հայրենիքով ու Սփիւռքով»:
Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան լրագրող Նայիրի Հոխիկեան, 44օրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած Հայկ Մելիքեանի մայրը՝ Նայիրա Մելիքեան, ՀՅԴի անդամ, արցախեան պատերազմի մասնակից Գոռ Սարգսեան, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ Անդրանիկ Թեւանեան եւ Հայկ Մամիջանեան:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց հետեւեալը. «Յանձնուողականութիւնը կարող ենք կանխել միայն ազգային համերաշխութեան դրօշով, համահայկական զարթօնքի ալիք բարձրացնելով, որպէս դրա կարեւոր հանգրուան՝ ագգային իշխանութիւն ձեւաւորելով»: Ան ներկայացուց նաեւ ազգային իշխանութեան ընելիքները. «Առաջինը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնում, համահայկական զօրաշարժի իրականացում: Երկրորդը՝ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրների լուծում: Երրորդը՝ կենսական զիջումները բացառելուն ուղղուած արտաքին զօրակցութեան ապահովում»:


Ըստ անոր՝ նշուած երեք ուղղութիւններով հետեւողական, ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանք պիտի իրականացուի նոր իշխանութեան կողմէ՝ կազմուած կարող, բանիմաց, նուիրուած ազգային գործիչներէ: «Ուժեղ Հայաստան ունենալու համար մենք պէտք է ունենանք ազգային իշխանութիւն, նոր բանակցող, նոր որակի իշխանութիւն», յայտարարեց Սաղաթէլեան:
«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակցողները: Այնուհետեւ սկսաւ միասնութեան քայլերթը:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին դիմաց երթին մասնակցողները իրականացուցին խորհրդանշական բողոք. անոնք պարզեցին փոքրիկ սպիտակ թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էր «Խաղաղութեան պայմանագիր»:
«Այս խորհրդանշական խաղաղութեան պայմանագրի անուան տակ կապիտուլեացիան (անձնատութիւնը) մենք այսօր կ՛այրենք՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու համար, որ հայ ժողովուրդը չի ընդոցնելու որեւէ կապիտուլեացիա, չի կարող ստորագրուել որեւէ փաստաթուղթ, որը կասկածի տակ կը դնի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ընթացող հանրահաւաքին ներկայացուեցաւ յայտարարութիւն մը՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն եւ միջազգային հանրութեան: Յայտարարութեան բնագիրը կարդաց մտաւորական Գուրգէն Մելիքեան:

