ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մինչ Հայաստան կ՛ամոքէր 2020ի արցախեան պատերազմի իր վէրքերը, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ժամանակ չէին կորսնցներ հաւաքուելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու մտերիմներուն միջեւ բաժնելու Արցախի եւ շրջակայ տարածքներու գրաւումէն ձեռք բերուած աւարը:
Ատրպէյճանցի լրագրող Ուլքար Նաթիքքըզի 24 Հոկտեմբերին eurasianet.org կայքին վրայ հրապարակեց իր հետաքննական յօդուածը՝ ««Եղբայրական» Ատրպէյճանն ու Թուրքիան շահաւէտ ղարաբաղեան առեւտրական կապեր կը կառուցեն» վերնագիրով: Ան կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս երկու նախագահները իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ մտերիմներուն միջեւ բաժնած են Արցախէն իրենց թալանածը:
Նաթիքքըզի գրած է, որ «Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մօտ կանգնած ընկերութիւնները ստացած են առնուազն հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու պայմանագիրներ, մասնաւորապէս Ղարաբաղի այն տարածքներու վերականգնման համար, զորս Ատրպէյճան վերագրաւած էր պատերազմին ընթացքին…։ Զանգիլանի (Կովսական) շրջանը գտնուող գիւղատնտեսական մեծ նոր համալիրներէն մէկուն մէջ, Էրտողանի ընտանիքի անդամները առեւտրական գործընկերներ են նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներուն հետ»:
Հոկտեմբեր 2022ին, Էրտողան եւ Ալիեւ միասին շրջեցան «Տոսթ (Բարեկամ) գիւղատնտեսական զբօսայգին», որ 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծ մըն է եւ որուն վերջնական արդիւնքն այն է, որ այդ վայրին մէջ պիտի աշխատի 500 անձ եւ պիտի բուծանուին մինչեւ տասը հազար գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուններ: Երկու նախագահները, «Պատրաստուած է Ղարաբաղի մէջ» գրութեամբ պիտակներ փակցուցած են «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»էն տարածաշրջան բերուած մեծ եղջերաւոր անասուններու միսի մթերքի փաթեթներուն վրայ:
Էրտողանին ուղեկցած է «Ապտուլքատիր Քարակէօզ, որ «Տոսթ Զիրաաթ»ի սեփականատէրն է եւ «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»ի թուրք ներդրողը»: Քարակէօզ «Էրտողանի ընտանիքին անդամ է. ան ամուսնացած է Էրտողանի զարմուհիին՝ Էրտողանի եղբօր՝ Մուսթաֆա Էրտողանի դստեր հետ»: 2016ին, անոնց ամուսնութենէն անմիջապէս ետք, երբ Էրտողանի ընտանիքի անդամները միացան անոր ընկերութեան, «Քարակէօզ սկսաւ շահելու զգալի քանակութեամբ պետական պայմանագիրներ, որոնցմէ շատերուն մասնակցած է միայն իր ընկերութիւնը»:
Իսկ նախագահ Ալիեւի պաշտօնական կայքին վրայ կ՛ըսուի, որ այս «գիւղատնտեսական զբօսայգի նախագիծին առաջին փուլով՝ կառուցուած են գրասենեկային շէնքեր, 5200 քառ. մեթր փակ եւ 11,300 քառ. մեթր բացօթեայ անասնաբուծական համալիրներ, զբօսանքի տարածքներ, սրճարան, շարժապատկերի սրահ, հանգիստի գօտի, լողաւազան եւ սպասարկող անձնակազմին համար նախատեսուած շէնքեր: Համալիր բերուած է ընդհանուր առմամբ 3500 գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուն եւ հոն իրականացուած է գիւղատնտեսական արտադրութիւն: Երկու նախագահներուն մասնակցութեամբ աւարտած է նախորդ տարի ցանուած ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը»:
Էրտողանի դաշնակիցներէն մէկը, որ կը կառավարէ գիւղատնտեսական զբօսայգին, Մեհմետ Զէքի Թուղրուլ՝ ընկերութեան գործադիր տնօրէնը, Էրտողանի «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» իշխող կուսակցութեան երիտասարդական թեւի խորհուրդի նախկին անդամ է:
«Ատրպեճանական կողմէ (գիւղատնտեսական զբօսայգիի) ներդրողը «Pasha Investments»ն է՝ «Pasha Holding» ընկերութեան մէկ մասը, որ կը միացնէ Ալիեւի կնոջ՝ Ատրպէյճանի առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ընտանիքին պատկանող բոլոր ընկերութիւնները», պարզաբանած է eurasianet-ը:
Էրտողանի՝ վերջին ամսուան այցելութեան ընթացքին, անոր միացած են Ճեմալ Քալյոնճու՝ «Քալյոն Հոլտինկ»ի նախագահը, Մեհմետ Ճենկիզ, «Ճենկիզ Հոլտինկ»ի նախագահը եւ Եըլտըրըմ Տեմիրորեն՝ «Տեմիրորեն Հոլտինկ»ի նախագահը: Երեքն ալ միացած էին Էրտողանին, Ղարաբաղ անոր նախորդ այցելութեան ժամանակ: ««Ճենկիզ»ը եւ «Քալյոն»ը յայտնի դարձած են իբրեւ «Հինգի hրոսակ»ի երկու թրքական ընկերութիւնները, որոնք սերտ կապեր ունին Էրտողանի ու իշխող կուսակցութեան հետ եւ որոնք Էրտողանի կառավարման տարիներուն շահած են պետական ամենամեծ մրցոյթները»: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Էրտողանի զարմուհիին հետ իր ամուսնութենէն ետք, մէկ տարուան ընթացքին Քարակէօզ ընդհանուր առմամբ շահած է տասը մրցոյթ՝ Պոլսոյ քաղաքապետարանէն եւ որոշ հանրային ընկերութիւններէ»:
Նաթիքքըզի կը հաղորդէ, որ «թէ՛ «Քալյոն»ը, թէ՛ «Ճենկիզ»ը շահութաբեր պայմանագիրներ կնքած են Ղարաբաղի մէջ աշխատանքի համար… ներառեալ՝ ճամբաներու կառուցում եւ երեք հանքերու, մասնաւորապէս ոսկիի եւ պղինձի շահագործում: «Քալյոն»ը կը կառուցէ Հորատիզ-Աղպանտ երկաթագիծը, որ նախատեսուած է իբրեւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող երթեւեկային ճամբու մաս՝ Հայաստանի հարաւով: Կը նախատեսուի, որ այդ նախագիծը արժէ աւելի քան 180 միլիոն տոլար եւ աւարտի 2023 թուականին»:
Ըստ eurasianet-ի երկրորդ յօդուածին՝ վերնագրուած «Թրքական ընկերութիւնները կ՛օգտուին Ատրպէյճանի յաղթանակէն», կ՛ըսուի, որ «մէկ այլ ընկերութիւն, զոր կը ղեկավարէ Մեհմեթ Ճենկիզ, Ատրպէյճանի պետական ջրային տնտեսութեան ընկերութեան կողմէ շահած է պայմանագիր մը՝ հսկայական ջրաելեկտրական ջրամբարի կառուցման համար». այս մասին կը հաղորդէ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտախտի լուսաբանման նախագիծը (OCCRP)»: Շահելէ ետք, Ճենկիզի կողմէ վերահսկուող այս ընկերութիւնը վճարած է ստուերային ընկերութեան մը, որ իր կարգին գնած է շքեղ բնակարան մը Լոնտոնի մէջ, ուր կ՛ապրէր ջրային ընկերութեան այդ օրերու ղեկավարի որդին»:
Աւելին, «Հինգի hրոսակ»էն այլ ընկերութիւն մը՝ «Քոլին Ինսաաթ»ը, «նաեւ ճամբայ շինելու շահաւէտ պայմանագիր ձեռք բերած է Ղարաբաղի մէջ՝ «Յաղթանակի ճամբան» կառուցելու համար դէպի Շուշա (Շուշի), ատրպեճանական «Ազվիրթ» ընկերութեան հետ միասին: «Քոլին» նաեւ ներգրաւուած է Ակալի գիւղին մէջ շուկայ հիմնելու գործին մէջ (կը գտնուի «Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան փողոցը»), ուր տեղափոխուած են Ղարաբաղի մէջ վերաբնակուած քանի մը ատրպէյճանցիներ»:
Թրքական այլ մեծ ընկերութիւն մը՝ «Տեմիրորեն Հոլտինկ», 2021ին տասը տարուան պայմանագիր կնքած է Ատրպէյճանի պետական վիճակախաղը վարելու համար, եւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ «40 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղագործական գործարան կառուցելու համար»:
Նաթիքքըզի յայտնած է, որ «Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մօտաւորապէս 2.9 միլիառ տոլար յատկացուցած է Ղարաբաղի մէջ վերակառուցման եւ վերականգնման ծրագիրներուն: Մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած այն մասին, թէ ո՛ր երկիրներու ընկերութիւններն են, որոնք պայմանագիրներ կը ստանան, բայց բարեկամ համարուող այլ երկիրներ, ներառեալ Իտալիա, Իսրայէլ եւ Մեծն Բրիտանիա, նոյնպիսի պայմանագիրներ ստացած են: Սակայն, թրքական ընկերութիւնները, ըստ երեւոյթին, պայմանագիրներու ամենամեծ շահողներն են: Բաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան տուեալներով՝ Ղարաբաղի մէջ կը գործէ թրքական մօտաւորապէս 30 ընկերութիւն: «Այդ ընկերութիւնները արդէն իսկ ներդրած են 1 միլիառ տոլար, եւ այդ ներդրումները կը շարունակեն աճիլ», ըսած է Պաքուի մէջ Թուրքիոյ առեւտրային գլխաւոր խորհրդական Եաքուպ Սեֆեր»:
Նաթիքքըզի նաեւ գրած է, որ երբ իտալացի լրագրողը հետաքրքրուած է Արցախի մէջ աշխատանքին մէկ մասը իտալական ընկերութիւններէ ստանալու հեռանկարներով, Ալիեւ ըսած է, որ «Իտալիան կ՛ըլլայ երկրորդ դիրքի վրայ՝ Թուրքիայէն ետք: «Ան մեր դրացին է, եւ անոնք (թուրքերը) ունին շինարարական շատ նշանաւոր ընկերութիւններ», հաստատած է Ալիեւ եւ Թուրքիոյ մասին աւելցուցած. «Որովհետեւ՝ ան մեր դաշնակիցն է եւ մտերիմ ընկերը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ