ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- 27 Հոկտեմբեր 2022ը Լիբանանի համար եղաւ պատմական օր մը, երբ ստորագրուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը:
Ռաս Նաքուրայի մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի, Ֆրանսայէն ու Իսրայէլէն պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, որոնք նոյն վայրին մէջ չգտնուեցան, տեղի ունեցաւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան ստորագրութիւնը:
Համաձայնութեան փաստաթուղթին փոխանակումը կատարուեցաւ ՄԱԿի միջոցով, առանց լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ուղղակի հանդիպումի:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ վերադառնալէ ետք, հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի հետ եւ անոր յանձնեց համաձայնութեան պաշտօնական փաստաթուղթը, որ նոյն առաւօտեան եւ Հոքշթայնի ներայութեամբ, ստորագրուած էր Աունի կողմէ:
Ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան պաշտօնական ստորագրութենէն ետք, իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Ռաս Նաքուրայէն յայտարարեց, որ համաձայնութիւնը գոյացած է «Հըզպալլա»ի կամքով` ընդգծելով, որ նման համաձայնութիւն մը ստորագրել կը նշանակէ Իսրայէլը ճանչնալ: Սահմանագծումի համաձայնութիւնը ստորագրելու պաշտօնական արարողութենէն ետք Հոքշթայն Նաքուրայէն ուղղուեցաւ Իսրայէլ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Լափիտի հետ:
Հոքշթայն աւելի ուշ յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ համաձայնութիւնը անկիւնադարձային ըլլայ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու իմաստով, եւ լիբանանցի քաղաքացիները մօտիկ ապագային զգան այդ տարբերութիւնը: Հոքշթայն հաստատեց, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ չէզոքացնելու համար որեւէ հարց, որ կրնայ խոչընդոտել համաձայնութիւնը։
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը աւելի ապահով եւ բարգաւաճ Միջին Արեւելք մը ունենալու նախաքայլը կը նկատուի: Ան շնորհաւորեց Լիբանանը եւ Իսրայէլը, որոնք ծովային սահմանագծումի շուրջ իրականացուցած իրենց համաձայնութեամբ վերջ տուին ծովային սահմանագիծի երկարատեւ տագնապին:
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ կարելի է ըսել, որ «առաքելութիւնը իրագործուած է», զայն Լիբանանի եւ անոր պետութեան, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան համար «հսկայական յաղթանակ մը» որակելով:
Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին յայտարարութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները անհիմն են: Ան դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ ձեւական իմաստով ստորագրուածը միջազգային համաձայնագիր մը չէ, այլ համաձայնութիւն մը, որ առաջարկուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Լիբանան համաձայն գտնուած է անոր ու զայն ստորագրած:
Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան համաձայնութեան փաստաթուղթը Լիբանանի եւ Իսրայէլի համատեղ ստորագրութիւնը չի կրեր, այլ իւրաքանչիւրը առանձինն ստորագրած է` ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ: