31 Հոկտեմբերին, Սոչիի մէջ նախատեսուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ընթացքին, հայկական կողմի օրակարգը պիտի ըլլայ վերջին 1 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալը, Ատրպէյճանի յարձակումին վերաբերեալ խօսակցութիւնները եւ եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքի վերլուծումը:
«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեան:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն Հայաստանէն դուրս ելլելը Հայաստանի համար օրակարգ է որեւէ հարթակի վրայ: «Դա Հայաստանի համար կարմիր գիծ ու պահանջ է», ըսաւ Խանդանեան:
Նոյն խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զօրքերու դուրսբերումը ոչ թէ պահանջ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն է: «Անկախ նրանից, թէ բանակցութիւններն ինչ ընթացք կը ստանան, այն, ինչը պատկանում է Հայաստանի Հանրապետութեանը, քննարկման նիւթ չէ: Մեր ինքնիշխան տարածքում որեւէ օտար զինուորի ներկայութիւնը երբեւէ չի հանդուրժուելու, նրանք պէտք է խաղաղ պայմաններում դուրս գան մեր տարածքից: Մնացած բոլոր դէպքերում դա պահպանելու է լարուածութիւնը մեր սահմանների վրայ, իսկ դա ոչ ոքի լաւ տեղ չի հասցնելու», ըսաւ Քոչարեան:
Անդրադառնալով բանակցութիւններէն առաջ հայկական կողմին հնարաւոր նախապայմանի վերաբերեալ հարցումին՝ պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեան ըսաւ, որ առհասարակ որեւէ բանակցութիւններու ընթացքին որեւէ նախապայման, մանաւանդ այս գերլարուած իրավիճակին մէջ, կը նշանակէ գործընթացներու սառեցում եւ կասեցում, ինչ որ խիստ վտանգաւոր է: Հայկական կողմը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման պահանջը կարելի եղած բոլոր հարթակներուն վրայ կը ներկայացնէ: «Պահանջը ներկայացնում են նաեւ մեր միջազգային գործընկերները՝ շատ կոնկրետ (յստակ) եւ հասցէական: Եւ մենք յոյս ունենք, որ ադրբեջանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը վերջիվերջոյ զօրքերը յետ կը քաշի ելման դիրքեր: Եւ բանակցութիւնների գործընթացում այս պահանջները միմեանց հետ զուգահեռ են ընթանում: Մենք յոյս ունենք, որ երբ գայ մի պահ, երբ հնարաւոր կը լինի որեւէ տեքստի (բնագիրի) շուրջ խօսել խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ եւ որեւէ գործնական քայլի անցնել, այդ պահի դրութեամբ ադրբեջանական զինուած ուժերը դուրս կը գան Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքից եւ կը դադարեցնեն հայկական հողերի օկուպացիան (գրաւումը)», եզրափակեց պատգամաւորը: