ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, սուրիական «Սաուրա» թերթը հաղորդեց, որ սուրիական ուժանիւթային հարստութեան առաւել քան 82 տոկոսը կողոպտուած է եւ կը շարունակէ կողոպտուիլ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի կողմէ, իսկ Սուրիոյ պետութեան կրած վնասները այս հատուածին մէջ հասած են 100 միլիառ տոլարի։
Այս իրողութիւնը պատճառ դարձած է, որ Սուրիա ոչ միայն կորսնցնէ ուժանիւթային ինքնաբաւութիւնը, այլ արտածող պետութենէն ներածող պետութեան վերածուած է, ըստ Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան նախարար Պասսամ Թաամէի նախապէս ունեցած յայտարարութեան։