«Անկիւնաքար» հրատարակչութիւնը 1999էն ի վեր կը հրատարակէ, կը թարգմանէ եւ կը տարածէ հայ քրիստոնէական գրականութիւնը` փորձելով ճանաչելի դարձնել հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները: Իսկ հայոց լեզուն զարգացնելու նպատակով, լոյս կ՛ընծայուին բառարաններ, զրուցարաններ, գեղարուեստական եւ այլ գրականութիւն:
Ամիսներ առաջ, հրատարակչութեան տնօրէն, թարգմանիչ եւ խմբագիր Խաչիկ Գրիգորեան Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի «Մեկնութիւն Եբրայեցւոց Թղթոյն» բացառիկ գիրքը ուղարկեց Ֆրանսիս պապին: Գրիգորեան շատ զգացուեցաւ, երբ պապին կողմէ մետալի արժանացաւ` իրենց կատարած աշխատանքին համար:
«Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խաչիկ Գրիգորեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց Ալեքսանդրացիի գիրքին, «Անկիւնաքար»ի գործունէութեան, մինչեւ այսօր լոյս ընծայած ուշագրաւ ստեղծագործութիւններուն մասին:
«Անկիւնաքար»ը հիմնադրուած է 1998ին, սակայն գործելու սկսած է 1999ին: Այդ տարի լոյս ընծայած է Գրիգոր Տաթեւացիի «Սողոմոնի Առակների Մեկնութիւնը» գիրքի թարգմանութիւնը` գրաբարէն աշխարհաբար: Հրատարակած է եւ կը հրատարակէ մեկնութիւններ եւ խոր դաւանաբանական գործեր: «Մեր ամենավերջին գիրքը Կիւրեղ Ալեքսանդրացու «Մեկնութիւն Եբրայեցւոց Թղթոյն» գործն է, որը լոյս է տեսել «Աստուածաբանական Բնագրեր» մատենաշարով: Նա Ալեքսանդրիայի եպիսկոպոսն է եղել 5րդ դարում: Քրիստոնէութեան, աւանդական եկեղեցիների համար Ալեքսանդրեան դպրոցը լուրջ դերակատարութիւն է ունեցել: Հնարաւոր չէ կարդալ որեւէ քրիստոսաբանական երկ, որում դպրոցի անունը չյիշատակուի, այն էլ ամենակենտրոնական հարցերում, իսկ հայ եկեղեցին, աստուածաբանութիւնը, քրիստոսաբանութիւնը հիմնուած են Ալեքսանդրեան դպրոցի վրայ», շեշտեց հրատարակիչը:
Կիւրեղ Ալեքսանդրացիէն տասը հատորնեռ հասած են մեզի: Միայն մէկ գործ մինչեւ 2020 կորսուած կը նկատուէր: Խօսքը «Մեկնութիւն Եբրայեցւոց թղթոյն» գիրքին մասին է: Ամբողջ աշխարհի մէջ գիրքէն ընդամէնը վեց էջեր պահպանուած են:
2020ին, պատմաբան, հայագէտ եւ աստուածաբան Յակոբ Քէօսեյեան պատահաբար մատենադարանին մէջ գտաւ այդ գիրքը: Անիկա ժողովածուի մը մէջ էր: Խաչիկ Գրիգորեան, լսելով այս մասին, շատ ոգեւորուած էր եւ որոշած հրատարակել զայն: Գիրքը նախ գրաբար լոյս տեսաւ, այնուհետեւ գրաբարէն թարգմանուեցաւ անգլերէնի: Թարգմանիչը Խաչիկ Գրիգորեանն է, որ ծանօթ է քրիստոսաբանական նրբութիւններուն:
Անիկա հրատարակուեցաւ հովանաւորներու աջակցութեամբ եւ առաւել քան 100 օրինակներ ուղարկուեցան զանազան հաստատութիւններու: Օրինակներ ուղարուեցան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, Պոլսոյ Հայոց եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքներուն եւ Ֆրանսիս պապին: «Մեզ համար ամենակարեւորը մեր եկեղեցու բարձրաստիճան ներկայացուցիչների վերաբերմունքն է, բայց նրանց դրական արձագանգը բնական էր, իսկ երբ Հռոմի պապն արձագանգեց, անսպասելի էր», խոստովանեցաւ Գրիգորեան։
Հռոմի պապը Խաչիկ Գրիգորեանին շնորհեց մետալ մը՝ գիրքին թարգմանութեան համար, իսկ Հռոմէն ուղարկուած նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ պապը կը գնահատէ այն զգացումները, որոնք հրատարակիչները մղած են այդ աշխատանքը կիսելու իրեն հետ: Նամակին մէջ կը հաստատուի, որ Ֆրանսիս պապը զանոնք պիտի յիշէ իր աղօթքներուն մէջ:
Հրատարակիչը կարեւոր կը նկատէ նաեւ լատիներէնէ թարգմանութիւնները: Անոնք թարգմանած են Օգոստինոս Երանելիի «Խոստովանութիւնները»: «Նա հինգերորդ դարի հայրերից է, որին կաթոլիկները համարում են իրենց եկեղեցու հիմնադիր, իսկ մեր եկեղեցին նրան ընդունում է որպէս ընդունելի հայր: Գիրքը միայն հայերեն է թարգմանուել: Այն շատ մատչելի եւ գեղարուեստօրէն է գրուած, զգացմունքային ու ընկալելի բոլորին, սակայն այդ պարզութեամբ ու մատչելիութեամբ հեղինակն ամենալուրջ ու խորը քրիստոնէական իմաստներն է փոխանցում», նշեց հրատարակչութեան խմբագիրը:
Ըստ անոր՝ իրենց հրատարակած գիրքերը ցոյց կու տան, որ, թէեւ հայոց եկեղեցւոյ դաւանութիւնը շատ գիրքերու մէջ չկայ, որ ներկայացուած է, սակայն յստակութեամբ, մաքրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ կը գերազանցէ այն խրթին, յաճախ ինքնահակասական երեւոյթները, որոնք կան միւս դաւանական երկերուն մէջ: «Եթէ մարդը ցանկանայ համոզուել, որ մեր եկեղեցու դաւանանքը զուլալ է եւ ճիշդ է, կարող է կարդալ այս գրականութիւնը», ընդգծեց Գրիգորեան:
Խօսելով եկեղեցական գրականութեան թարգմանութեան իւրայատկութիւններուն մասին` թարգմանիչը պատմեց, որ երբ ինք սկսած է թարգմանել Օգոստինոս Երանելիի գիրքը, զայն համեմատած է ռուսերէն թարգմանութեան հետ, որ շատ տարածուած է, եւ նկատած է, որ ռուսերէն թարգմանութիւնը շատ «ազատ» եղած է: «Հաւանաբար թարգմանիչները մտածել են, որ այդպէս աւելի «ռուսերէն կը հնչի», իսկ մենք աշխատել ենք հարազատ մնալ հեղինակին, մանաւանդ, որ հայերէնն ու լատիներէնը մօտ են յստակութեան առումով: Հայերէն դարձուածքները ամէն ինչ փոխանցում են: Թարգմանում եմ, յետոյ մի քանի անգամ խմբագրում եմ, որ լիարժէք հայերէն լինի, ոչ թէ լատիներէն` հայերէն բառերով», մանրամասնեց Գրիգորեան:
Ան կարեւոր նկատեց նաեւ հայագէտ Չարլզ Տաուսէթի յօդուածներու ժողովածուի լոյս ընծայումը: Տաուսէթը 1965-1991 թուականներուն եղած է Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական բաժինի ղեկավարը: Ան գրած է լուրջ յօդուածներ, որոնք մէկ տեղ չեն հաւաքուած: Գրիգորեան եւ անոր խումբը բոլոր յօդուածները հրատարակած են մէկ գիրքով:
««Անկիւնաքար» հրատարակչութեան հետաքրքիր բաժիններից է գիտամասսայական գրականութիւնը: Այս բաժնում կարելի է գտնել այնպիսի հեղինակների գրքեր, ինչպիսիք են Կոնրադ Քլայնքնեխտը, Հայզէնբերգը, Էյլերը եւ այլք: Հրատարակչութեան խմբագիր Թէոֆանա Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ էլ սկսել են հրատարակել օտարազգի դրամատուրգների պիեսներ: Պատահել է, որ հեղինակները եկել են Հայաստան եւ թարգմանուած պիեսներով ներկայացումներ են բեմադրել», կը գրէ թղթակիցը:
Հրատարակչութեան անկիւնաքարային աշխատանքներէն է բառարանագրութիւնը: «Հրատարակել ենք անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառարաններ: Շատ կարեւոր եմ համարում հայոց լեզուի զարգացումը, իսկ բառարանագրութիւնը դրա ձեւերից մէկն է: Լեզուն անընդհատ փոխւում է. ի յայտ եկաւ համակարգչային լեզուն, եւ այդ ամէնին զուգահեռ պէտք էր զարգացնել բառարանագրութիւնը», նշեց Գրիգորեան:
«Անկիւնաքար»ը հրատարակած է անգլերէն-հայերէն բառարաններ, ինչպէս նաեւ անգլերէն-հայերէն գրպանի բառարանը, որ լայն տարածում ունի, եւ մեծագոյն անգլերէն-արեւելահայերէն բառարանը, որուն մէջ 115 հազար բառեր կան: Անիկա արդէն անվճար հասանելի է dict.am կայքին վրայ: Հրատարակած են նաեւ հայերէն-պարսկերէն, հայերէն-ռուսերէն բառարաններ, համակարգչային եզրերու յատուկ բառարան:
«Հրատարակչութիւնը շարունակում է բեղուն գործունէութիւն ծաւալել` խոստանալով նոր գրքերով բաւարարել թէ՛ գիտական, թէ՛ ընթերցասէրների լայն շրջանակի հետաքրքրութիւնը», կ՛եզրափակէ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը:
Լուսանկարները` Տաթեւ Դուրեանի