ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբերին, աշակերտ-աշակերտուհիներու եւ ծնողներու յորդահոս բազմութիւն մը` ծաղիկներով, փուչիկներով, կարկանդակներով եւ խմորեղէնով, ուրախութեամբ եւ կարօտով եկած էին իրենց դպրոցը` սկսելու համար Իրաքահայերու հայ ընտանեկան շաբաթօրեայի 44րդ տարեշրջանը:
Բոլորը աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցին, որ մեր ազգանուէր այս գործը ուղիղ եւ արգասաբեր ըլլայ նախորդ տարիներուն նման։
Տնօրէնութեան, Իրաքահայ միութեան ատենապետուհիին, դպրոցի գլխաւոր խորհրդատուին խօսքերէն ետք, բոլոր աշակերտները իրենց դասատուներուն հետ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ դասերը սկսան։
Յիշենք, թէ այս դպրոցը հիմնուած է 1979ին եւ ցայդ ունեցած է առաւել քան 3000 աշակերտներ, որոնք հայերէն սորված են։
Անոնք միայն արձանագրութեան սակ մը կը վճարեն յաճախելու համար այս դպրոցը, իսկ մեր թանկագին ուսուցչուհիները 44 տարիներ շարունակ՝ 88 նուիրեալներ, կամաւորաբար հայերէն սորվեցնելով՝ այս կրթական գործով կը ծառայեն հայ ժողովուրդին։
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐ
Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, մեր վարժարանին մէջ, տօնական անխառն ուրախութեան մեծ օր մըն էր աշակերտութեան, ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն համար, որոնք կը տօնէին Մշակոյթի օրը։
Այդ օրը փառաբանուեցան հայ իրերը ստեղծած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ կաթողիկոսի ու անոնց նիւթապէս զօրավիգ եղած Վռամշապուհ արքայի աշխատանքով ծնունդ առած մեր Ոսկեղնիկ հայերէն գիրերը, ինչպէս նաեւ մեր թանկագին հայերէնի ուսուցիչները։
Փոքրիկները գեղեցիկ հագուած՝ եկած էին երեք շաբաթներու ընթացքին իրենց սորվածով յարգելու հայերէն գիրերու ստեղծողները եւ անոնց յաջորդած ու իրենց գործը 1600 տարի շարունակած կրթական մշակները։
Ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ վարժարանի ժրաջան եւ շատ ձեռներէց տնօրէնուհի Անահիտ Խաչատրեանի՝ սրահը զարդարած էին հայ մշակոյթի օրուան վայել արձանիկներով, զարդարանքներով եւ իրերով։
Կրթական շրջանի պաշտօնական հանդէսը միայն աշակերտներով եղաւ։ Դպրոցի աշակերտները, երեք խումբերու բաժնուած՝ հայ մշակոյթի նուիրուած խօսքերով, երգերով եւ նուագով ներկայացուցին հոյակապ յայտագիր մը՝ պատրաստած ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէնութեան կողմէ:
Երգի ուսուցչուհի Անահիտ Իշխանեան միայն երեք շաբթուան ընթացքին կրցած էր սորվեցնել քանի մը երգեր, որոնք կատարուեցան աշակերտներուն կողմէ մեծ ուրախութեամբ եւ եռանդով, իսկ ուսուցչուհիները մէկը միւսէն աւելի լաւ եւ տպաւորիչ, աւելի հաճելի եւ իմաստալի բանաստեղծութիւններով ոգեկոչեցին Ս. Մեսրոպի, Սահակ կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ արքայի անմահ յիշատակը։
Օրուան պատգամախօսն էր վարժարանի հիմնադիր Խաչիկ Ճանոյեան։ Ան նախ սրտագին շնորհաւորեց մեր նուիրեալ ուսուցչուհիները, որոնք երեք շաբթուան ընթացքին կրցած էին այսքան շատ բան սորվեցնել մեր փոքրիկներուն, գնահատանքի ջերմ խօսք ուղղեց տնօրէնուհի Անահիտ Խաչատրեանին, այսքան առինքնող եւ գեղեցիկ հանդէս մը կազմակերպելուն համար։ Ապա Ճանոյեան խօսեցաւ հայ գիրերու ստեղծման մասին, Ոսկեդարուն հրատարակուած գիրքերուն մասին, իսկ վերջաւորութեան ան ըսաւ հետեւեալը. «Այս գիրերը 1600 տարիներ թէ՛ իրենք կենդանի մնացին եւ թէ մեզի ալ հայ պահեցին օտարութեան մէջ։ Անոնք երկինքէն իջած գիրեր էին հայ ժողովուրդը պահելու եւ պահպանելու համար»։
Ապա Ճանոյեան կոչ ըրաւ փոքրիկներուն, որ օգտագործեն դպրոցին մէջ եղած իւրաքանչիւր վայրկեանը լաւ սորվելու, խօսելու եւ ապագային ալ իրենց զաւակներուն փոխանցելու համար այս լեզուն։
Հանդէսին աւարտին, աշակերտները եւ ներկաները հիւրասիրուեցան տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած ճոխ սեղանով մը։
Բարի երթ, կանաչ ճանապարհ եւ անփորձանք տարի Իրաքահայերու հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանին։