Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին՝ տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի հիմնադրութեան 100ամեակին եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի կառուցման 40ամեակին նուիրուած կալա-ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան նախկին առաջնորդներ Եփրեմ արք. Թապագեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, հոգեւոր հայրեր, ծխական շրջաններու Հոգաբարձական կազմեր եւ Ազգային երեսփոխաններ, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, բարերարներ, նուիրատուներ, բարեկամներ եւ առաւել քան 500 հիւրեր:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ հոգեւորականներու սրահ մուտքով՝ առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ:
Հանդիսավար Նազարէթ Ծատորեանի հրաւէրով, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց սեղանները, ապա Ս. Խաչ Մայր տաճարի դպրուհիները հնչեցուցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները, բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արաքսիա Կարապետեան եւ Նազարէթ Ծատորեան՝ անդրադառնալով Ս. Խաչ ծխական համայնքի հարիւրամեայ իրագործումներուն եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հիմնադրման հանգամանքներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի նուիրեալ զաւակներու վաստակին ու յառաջիկայի համար նախատեսուած եկեղեցանուէր ծրագիրներու: Այնուհետեւ, Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Գասպարեան ներկայացուց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականը եւ Մայր տաճարի աստուածահաճոյ եւ ժողովրդանուէր առաքելութեան հիմնական գիծերը:
Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմական դերը՝ ազգի գոյութենական պայքարի ճամբուն վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը՝ նշելով, որ Արարատի երկրէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Խաղաղականի այս օտար ափերուն դար մը եւ աւելի տարիներ առաջ հասած գաղթական հայ բեկորներ, բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով, բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով ու նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով, 1922ին կառուցեցին լոյսի ու հաւատքի խորան՝ Ս. Խաչ եկեղեցին, որուն կեանքը այսօր կը շարունակուի մեր բոլորին սիրելի Ս. Խաչ Մայր տաճարի եւ յարակից բոլոր մասերով, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ փոխանցելու իր պատգամը:
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը թաթաւուն էր Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռի՝ գոյութենական դարաւոր մաքառումներու դէմ ցոյց տուած յաղթական շեշտով եւ քրիստոնէական հաւատքի աննկուն երկիւղածութեամբ: Ընդգծելով Ազգ-Հայրենիք-Եկեղեցի եռանկիւնի կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ՝ իբրեւ պատկանելութեան կռուան ու ազգային խորհրդանիշ, Թորգոմ եպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ հայրենի եզերքի ներկայ վտանգաւոր դրութեան եւ թելադրեց միացեալ բռունցքով դիմագրաւել ազգին ու հայրենիքին սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ, միշտ գործել զգօն, միասնական ու սթափ, որպէսզի կարելի ըլլայ անցեալէն եկող, ներկան իմաստաւորող եւ դէպի ապագայ խոյացող մեր հայկական ինքնութեան շնորհել ապրելու նոր կեանք, հզօրանալու նոր հնարաւորութիւններ՝ մաղթելով հաւատքի մէջ տոկունութիւն, յոյսի մէջ անդրդուելիութիւն, սիրոյ մէջ եղբայրութիւն:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ այս առիթով շնորհաւորական սրտագին խօսքեր ուղղեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի զաւակներուն, բարերար սերունդի յաջորդներուն եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարին մեծ ընտանիքին, որ նոր դարաշրջանի ընդառաջ՝ գիտէ արժեւորել հարիւրամեայ անցեալը եւ նորոգ կորովով քալել դէպի նոր ժամանակներ: Գնահատելով մեծն ու փոքրը, հոգեւորն ու աշխարհիկը, անցեալի բարերարներն ու ներկայի նուիրատուները՝ առաջնորդ սրբազանը միաժամանակ ուրախութիւն յայտնեց, որ Մոնթեպելլոյի համայնքի երիտասարդ զաւակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ պայծառացման գործին, ապա, այս առիթով, գնահատանքի իր խօսքին առընթեր, ան երախտիքի յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց կալա-ճաշկերոյթի հիւրընկալ ամոլ տէր եւ տիկին Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլին:
Յայտնենք, որ երեկոն խանդավառեց Ալէնը եւ իր նուագախումբը, երաժշտական բարձրորակ կատարումներով: