Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերին, Ֆերահեան Ազգային վարժարան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որուն կ՛ընկերանային կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ամերիկայի եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Պենլեան եւ մարմինի անդամները, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Քամարեան եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչները:
Նախքան աշակերտներու հետ հանդիպումը հիւրերը առիթ ունեցան ծանօթանալու վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի հետ, որ վարժարանի հայապահպանման ծրագիրներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, հիւրերուն հետ ուղղուեցաւ դէպի վարժարանի նոր շէնքի լսարանը, ուր Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով զիրենք դիմաւորեցին վարժարանի 11րդ եւ 12րդ դասարանի աշակերտները:


Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 12րդ կարգէն Ծովակ Սէրայտարեան: Ան, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգելու հայրենիքի համար նահատակուած մեր հերոսներուն յիշատակը, ապա, ներկայացնելէ ետք մեր անդառնալի կորուստներու, խլուած հազարաւոր մարդկային կեանքերու, բազմաթիւ գերիներու, թշնամիին անցած հայկական գիւղերու եւ քաղաքներու արհաւիրքը՝ ըսաւ, որ անհաւասար կռիւը, անգամ մը եւս դրսեւորեց մեր ժողովուրդի մարտական ոգին, անկոտրում կամքը եւ հայրենասիրութիւնը։ Բացման խօսքէն ետք, ան բեմ հրաւիրեց նախարարը, որ ծաւալուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի ներկայ իրավիճակին, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, Արցախի կարգավիճակին, միջհայկական կապերու զարգացման, ընդգծելով հայկական վարժարաններու կարեւոր դերակատարութիւնը հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ Սփիւռքի ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։ Ան բարձր գնահատեց սփիւռքահայ աշակերտներուն հայրենասիրութեան ոգին:
Հանդիպման աւարտին, առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն հարցումներ ուղղելու, որոնց նախարարը համբերութեամբ եւ սիրայօժար պատասխանեց:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)
