Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Ազգային ժողովին ներկայացուց նախորդ շաբաթ տեղի Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներու մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը տեղեկցանէ «Արմէնփրէս»։
Ըստ Յարութիւնեանի՝ ինք եւ պատուիրակութեան անդամները պատասխանեցին պատգամաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հիմնականին մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն եւ Արցախի վրայ անոնց ազդեցութեան։
Յարութիւնեան անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ Արցախի իշխանութիւնները հաւատարիմ են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման միջոցով Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հասնելու նպատակին: