Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացուի, թէ կաթողիկոսութիւնը պիտի չմասնակցի 28էն 31, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»ին, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի նախաձեռնութիւնն է։ Ստորեւ՝ կաթողիկոսարանի հաղորդագրութիւնը.
«28-31 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ին գծով Cilicia TV-ն կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը, եւ յատկապէս Հայաստանը եւ Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը ու վերապահութիւնը յայտնած է:
«Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած՝ այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր սուրբ աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին:

«Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նիստին վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, մեր ազգին ղեկավարութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու տալը՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»:
Միւս կողմէ, եւ իբրեւ պատասխան այս մասին «Առաւօտ»ի յղած հարցումին՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քահանայ Արթնեան ըսաւ. «Կը հաստատենք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին կողմէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին բանաւոր հրաւէր ուղղուած էր 28-31 Հոկտեմբերին գումարուելիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցելու համար: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ քննարկուեցաւ գագաթնաժողովին եկեղեցւոյ մասնակցութեան հարցը: Գագաթնաժողովը տարակուսանքներ կը յառաջացնէ մասնակցողներու ընտրութեան հարցով, մասնաւորաբար, համահայկական աւանդական կազմակերպութիւններու եւ ազգային կեանքին մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող անձերու ներկայացուածութեան առումով: Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ, անընկալելի են նաեւ քննարկման համար ընդգրկուած նիւթերը: Կազմակերպական այս մօտեցումներով նման միջոցառումը կրնայ նոր զգայունութիւններ եւ լարուածութիւններ յառաջացնել ազգային մեր կեանքին մէջ եւ արդիւնաւէտ չըլլալ: Եկեղեցին հնարաւորութիւն չէ ունեցած իր յիշեալ եւ այլ դիտարկումները ներկայացնելու գագաթնաժողովի կազմակերպիչներուն՝ ներգրաւուած չըլլալով կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, թէեւ եկեղեցին միշտ ալ կարեւոր համարած է համահայկական համախմբման ուղղուած նման համաժողովներու եւ միջոցառումներու իրականացումը։ Վերոյիշեալ նկատառումներէն մեկնելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չի նկատեր Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը գագաթնաժողովի աշխատանքներուն»։
Refusing to participate, both Head of churches, found Missing into
Pan Armenian conference , absence of valuable national parties, or,
NOT elected representation: based on Invitation, done by a person,
representing Government for Diaspora Affairs, not even a Minister
of Diaspora Armenians, Cancelled since 2018. The idea is VERY GOOD,
but to be ELECTED , in this case, by each 50,000 person 1 delegate
basis, for 10 million Diaspora. Then, 2 head of churches ARE OBLIGED
to participate, inclusive Catholic and Protestant: AS PAN ARMENIAN
CONFERENCE . We are Confident, 1 day, Soon, Happens, to TRY turn
ARMENIA: FREE, UNITED, INDEPENDENT, STRONG & PROSPEROUS.