
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբաթ, համայնքի անդամներէն տեղեկացած է, թէ Target, Macy’s եւ Nordstrom վաճառատուները իրենց համացանցային շուկաներուն վրայ սկսած են ծախել անմեղ թուացող մանկական խաղ մը՝ «Թրքական մշակութային խաղալիք» անունով, որուն վրայ կայ ծայրայեղ ազգայնամոլ թուրքերու «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան խորհրդանշանը եւ Թուրքիոյ դրօշակը։
Հայ Դատը 14 Հոկտեմբերին կապ հաստատեց նշեալ վաճառատուներուն հետ եւ հանրային կոչեր կատարեց, որպէսզի ատելութիւն սերմանող նման ահաբեկչական կազմակերպութեան մը խորհրդանշանը կրող խաղը անմիջապէս վերցուի անոնց համացանցային շուկաներէն, միաժամանակ հազարաւոր հայորդիներ խաղին տակ բացասական արժեւորումներ կատարեցին՝ լուսաբանելով հանրութիւնը ։
Մինչ Macy’s-ը եւ Nordstrom-ը արագօրէն անսացին Հայ Դատի եւ հայութեան դիմումներուն, Target-ի պատասխանատուները միայն 17 Հոկտեմբերին խաղը շուկայէն հանեցին։
Նշենք, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս «ահաբեկչական» որակած է «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութիւնը, մինչ Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն, որ նմանապէս «ահաբեկչական» որակեն «Գորշ Գայլեր»ը, որուն կիսազինեալ թեւը կը նկատուի Թուրքիոյ իշխող համախոհական կառավարութեան մաս կազմող ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուակցութեան։