
Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին, կ․ե․ ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան տարեկան Ճաշկերոյթ-խրախճանքը: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Տիգրան Ժամկոչեան եւ իր ճեզ նուագախումբը, ժողովրդային երգչուհի Հայկուհի Բաբախանեան եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը:
Ձեռնարկը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Համազգայինի նոր կեդրոնի հիմնադրամին՝ տեղի պիտի ունենայ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316:
Մասնակցութեան սակը 100 տոլար է։
Տոմսեր ապահովելու համար հեռաձայնել Վիգէնին` (818) 822-5313 կամ Շուշիկին՝ (714) 403-0875: