Սպանիոյ խորհրդարանը 6 Հոկտեմբերի լիագումար իր նիստին ընթացքին, միաձայնութեամբ որդեգրեց (բոլոր 350 պատգամաւորները) հայ ժողովուրդին զօրակցող յայտարարութիւն մը՝ վերահաստատելով իր անհանդուրժողութիւնը ռազմական գործողութիւններու նկատմամբ: Ըստ«Արմէնփրէս»ի՝ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը թարգմանաբար հրապարակեց յայտարարութիւնը,:
«Նկատի ունենալով 12 Սեպտեմբերի լոյս 13ի գիշերը Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ Հայաստանի Գորիս, Սոթք եւ Ջերմուկ բնակավայրերու հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումով կատարուած յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ առնուազն 207 հայ զինուորներու մահուան՝
«Պատգամաւորներու խորհրդարանը.
«1. Կը վերահաստատէ իր անհանդուրժողութիւնը ռազմական գործողութիւններու նկատմամբ, որոնք կը հանդիսանան միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում՝ զանոնք նկատելով չարդարացուած յարձակումներ, որոնք կը վտանգեն տարածաշրջանային ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը:
«2. Կը խթանէ կողմերուն ստորագրած զինադադարի պահպանման յանձնառութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
«3. Կը յայտնէ իր համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ իր ժողովուրդին: Կը ցաւի երկու կողմերու մարդկային կորուստներուն համար, կը յայտնէ իր խոր վշտակցութիւնը զոհերու եւ բնակչութեան անհարկի տառապանքներուն համար: Այս զգացումները կը տածէ նաեւ Սպանիոյ հայ համայնքին նկատմամբ:
«4. Կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան Բարձր ներկայացուցիչին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչին ջանքերուն, որոնք կարեւոր դեր ունին զինադադարի համաձայնութեան պահպանման մշտադիտարկման գործընթացին մէջ եւ կը նպաստեն հակամարտութեան բանակցային, ընդհանուր եւ տեւական լուծման որոնման:
«5. Կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ յարգելու միջազգային իրաւունքը, վար դնելու զէնքերը եւ վերսկսելու դիւանագիտական բանակցութիւնները՝ այդպիսով վերահաստատելով, որ այս դիրքորոշումը այս բարդ եւ պատմական վէճի միակ կենսունակ եւ տեւական լուծումն է:
«6. Կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան՝ կրկնապատկելու ջանքերը, նպաստելու դիւանագիտական միջոցներով լարուածութեան մեղմացման եւ խաղաղութեան պահպանման»: