
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին ստորագրեց Ապրիլի 24ը՝ նահանգի տարածքին գործող համայնքային բոլոր համալսարաններուն եւ պետական դպրոցներուն մէջ արձակուրդի օր հռչակող օրինագիծը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Օրինագիծով նաեւ 8 ժամեայ վճարովի արձակուրդ կը յատկացուի այդ հաստատութիւններուն մէջ աշխատոողներուն:
Բանաձեւը (թիւ AB 1801) ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ վաւերացուած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ։
«Օրէնսդիրը կը նկատէ եւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը բոլորին համար պիտի ըլլայ անցեալ եւ ներկայ ցեղասպանութիւններուն մասին խորհրդածելու օր, բայց յատկապէս անոնց համար, որոնք զգացած են այդ վայրագութիւններուն ազդեցութիւնը, եւ այդ խումբերուն համար, որոնք ապաստան գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, ներառեալ բայց ոչ միայն՝ Ողջակիզումը, Հոլոտոմորը եւ հայկական, ասորական, յունական, քամպոտիական ու ռուանտական համայնքներու ցեղասպանութիւնները: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի նշուի ամէն տարի Ապրիլ 24ին, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այդ շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիա նահանգը աւանդաբար կը նշէ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթը», կը բացատրուի օրինագիծին մէջ:
Նաեւ կը նշուի, որ Ապրիլ 24ին կամ այլ օր մը, «բոլոր պետական դպրոցները եւ կրթական հաստատութիւնները ամբողջ նահանգին մէջ կրնան մասնակցիլ յատուկ վարժութիւններու, որոնք նիւթապէս կը հովանաւորուին գոյութիւն ունեցող դրամական միջոցներով՝ ոգեկոչելու եւ յարգելու համար այս երկրին մէջ Ցեղասպանութիւն վերապրածներուն բազմաթիւ ներդրումները: Նահանգի Կրթութեան խորհուրդը կրնայ ընդունիլ ուսումնական ծրագիրի օրինակելի ուղեցոյց մը, որ հասանելի պիտի ըլլայ պետական դպրոցներուն մէջ, Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան վերաբերող վարժութիւններու մասին»: