
ԱՐՓԻԱՐ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 27 Յունուար 1940ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, հարազատին եւ բարեկամին՝ Արփիար Ճանոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn Memorial Park-ի Old North Church մատրան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հերմինէ Ճանոյեան
Դուստրը՝ Նորա եւ տոքթ. Ֆիլիփ Պալիքեան
Որդին՝ Արամ եւ Լուսինէ Ճանոյեան
Թոռները՝ Ալեքսանդր եւ Իզապելլա Պալիքեաններ
Թոռները՝ Առնօ եւ Վան Ճանոյեաններ
Քոյրը՝ Լիտիա Քլըճեան եւ ընտանիքը
Եղբայրը՝ Յովհաննէս Ճանոյեան եւ ընտանիքը
Քոյրը՝ Եսթեր եւ Բենիամին Քարախանեան եւ ընտանիքը
Զարմիկը՝ Տէյվիտ եւ Անի Ճանոյեան
Զարմուհին՝ Անայիս Ճանոյեան
Աներորդին՝ Սարգիս եւ Հայաթ Նաճարեան եւ ընտանիքը (Սան Ֆրանսիսքօ)
Քենեկալը՝ Վարդիվառ եւ Վանտա Մազմանեան եւ ընտանիքը
Քենեկալը՝ Անի Աճէմեան եւ ընտանիքը
Աներորդին՝ դոքթ. Դաւիթ եւ Սօսի Նաճարեան եւ ընտանիքը (Նիւ Ճըրզի)
Խնամին՝ տոքթ. Ժիրայր եւ Անի Պալիքեան եւ ընտանիքը (Պոսթըն)
Խնամին՝ Հայկանուշ Խաչոյեան եւ ընտանիքը
Եւ համայն Ճանոյեան, Նաճարեան, Պալիքեան, Խաչոյեան,
Քլըճեան, Ճիլեան, Փափիսեան, Կետցոյեան, Քարախանեան,
Ինճեան, Գաթըրճեան, Քարտաշեան, Աւագեան, Քոհըն,
Տէօքմէճեան, Խըտրլարեան, Մոսքոֆեան, Գաբրիէլեան
եւ Մկրտիչեան ընտանիքներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք Հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել AGBU-ին, 55 East 59th Street New York, New York 10022 կամ Armenian American Museum-ին, 116 North Artsakh Ave., Suite 205, Glendale, CA 91206:
Ազգասէր վերջին մոհիկաններէն մէկն ալ դէպի յաւէրժութիւն իր ճախրանքը սկսաւ։ Բարեսէր, ազնիւ, ընկերային եւ միութենական Մարդ էր։
Հանգիստ իր ոսկորներուն, մխիթարութիւն իր ընտանիքին։