Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին դիտել տուաւ, որ զօրքերու վերադարձը ելման դիրքերը միակ յուսալի հիմքը կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը լուծելու:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցը յայտնեց, որ դեսպանը այս հաստատումը կատարեց Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Քոփիրքին յայտնեց, որ ռազմական բախումներու ուղիով կարելի չէ հասնիլ հարցերու լուծման: «Մենք կը մեկնինք այն մօտեցումէն, որ միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը կրնան լուծում բերել»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Ռուսիա իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի քաղաքական կարգաւորման գործընթացը, որ գործարկուած է 9 Նոյեմբեր 2020ին, եռակողմ յայտարարութեամբ, շարունակուի՝ հակառակ բոլոր հարցերուն եւ հակասութիւններուն: «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ, կողմերուն կ՛աջակցինք ընդհանուր մօտեցումներու հասնելու առումով: Ասիկա դիւրին չէ, այլ մեծ ջանքեր կը պահանջէ, բայց մենք զայն գործադրեցին եւ մտադիր ենք գործադրել հետագային եւս», նշեց Քոփիրքին:
Beautiful Covered declaration, to DIVERT and NOT LET ARMENIAN
SPIRIT TO WAKE UP FROM 1 CENTURY REPEATED FALSE PROPAGANDA,
TURNING ZOMBIE, ONLY OBEYED, SUBJUGATED *ARMEYASHKA*, FIRM
BELIEVER, EVEN “IF WE DECAPITATE YOU IT’S FOR YOUR OWN INTEREST”
BE ACCEPTABLE, WITHOUT PROTEST. BASIC KGB PROPAGANDA ROUTINE.
STALIN ONCE SAID: *LIE,LIE, ALWAYS SOMETHING STAYS*. BEAUTIFUL
ARMENIA LIVES UNDER PLANNED, SUPERVISED, LYING ATMOSPHERE,
TO NOT *RESIST FINAL PLANNED SACRIFICING ARMENIA SCENARIO*.