Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 27 Սեպտեմբերին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ վարչութեան հետ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի:
Նախարարին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արցախի թեմի նախորդ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան:


Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մաթոսեան եւ ՀՕՄի զանազան մասնաճիւղերէ եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններէն մօտաւորապէս 90 անդամներ, Շրջանային վարչութեան նախկին անդամներ եւ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասնեակի ներկայացուցիչներ։
Նախքան իր բացման խօսքը՝ Վիքի Մարաշլեան խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել նահատակ զինուորներու յիշատակը, իսկ խօսքին մէջ ան յոյժ մտահոգիչ համարեց Հայաստանի եւ Արցապի ներկայ կացութիւնը։ Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՕՄի կողմէ արցախահայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասին։
Իր կարգին, Բաբայեան բարձր գնահատեց ՀՕՄին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրները եւ Արցախին մնայուն կերպով սատարելու պատրաստակամութիւնը: Ան նաեւ խօսեցաւ Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած գոյութենական պայքարին մասին, որմէ ետք քննարկուեցան Արցախի եւ տարածաշրջանին իրավիճակը եւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնները, որովհետեւ, ինչպէ Բաբայեան շեշտեց՝ «Արցախը վիրաւոր է»։
Աւարտին, Մարաշլեալ նախարարին յանձնեց յուշադրամ մը, որուն մէկ երեսին նկարուած է ՀՕՄի խորհրդանշանը, իսկ միւս երեսին՝ Արցախի զինանշանը, միաժամանակ շեշտելով, թէ ՀՕՄը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախին։
Իր կարգին, նախարարը արցախեան ձեռագործ գորգ մը յանձնեց ՀՕՄին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

