ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Տաւուշի մարզի Գոշ գիւղը Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մէկն է եւ ամրան ընթացքին՝ հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներով լեցուն: Հոն կը գտնուի Գոշավանքը՝ 1988ի երկրաշարժին պատճառով քանդուած Նոր Գետիկ վանքի աւերակներուն վրայ կառուցուած վանքը, որուն վերակառուցումը ղեկավարած եւ անոր մասնակցած է Մխիթար Գոշ՝ «Դատաստանագիրք»ի հեղինակը:
Գիւղէն Վիլիս մը վարձելով՝ բարձրացանք խիտ անտառներով, հեղեղատներէն դէպի լերան գագաթին գտնուող գեղատեսիլ Գոշի լիճը: Ճանբուն վրայ, երիտասարդ եւ թիկնեղ վարորդին հարցուցինք, թէ կը ճանչնա՞ր Ասպետը. «Անշուշտ, գիւղում բոլորն են ճանաչում նրան, ինքը հրաշք մարդ ա…», պատասխանեց ան:
Ասպետ Բողարեան Եթովպիա ծնած էր, ապա՝ տասնհինգ տարեկանին յաճախած էր Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանը, ուր ծանօթացած էր Իրանէն եկած Այտային: Դպրոցը աւարտելէ ետք, հետագային անոնք արդէն Ամերիկայի մէջ հաստատուած՝ ընտանիք կը կազմեն եւ տարիներ ետք կ՛այցելեն Հայաստան՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներ: Այդ այցելութիւնը անկիւնադարձային կը դառնայ իրենց համար:
Լիճը տեսնելէ եւ գիւղը վերադառնալէ ետք, հեռաձայնեցինք Ասպետին, որպէսզի տեսնուինք: Երեւան եմ ըսաւ: Համաձայնեցանք Երեւանի մէջ տեսնուիլ: Քանի մը այլ մարդոց ալ հարցուցինք իր մասին. «Վա՜յ, Ասպետը արտակարգ մարդ ա». Ուրիշ մը՝ «ոսկի մարդ է Ասպետը»:
Ասպետը եւ Այտան Գոշի մէջ կառուցած էին տուն մը, որ իր արտաքինով իւրայատուկ էր գիւղին մէջ՝ պարզ, փոքր, վառ գոյներով եւ առանց պարիսպի կամ ցանկապատի՝ հասանելի բոլորին:
Քանի մը օր ետք, Երեւանի մէջ տեսնուեցանք անոնց հետ: Այնքան պարզ եւ հաղորդական են Ասպետը եւ Այտան, որ ժամ մը խօսելէ ետք արդէն մտերմացած էինք:
Ասպետը «Մելգոնեան»ը աւարտելէ եւ Եթովպիա վերադառնալէ ետք կ՛ուսումնասիրէ Եթովպիոյ հայերու պատմութիւնը եւ կ՛իմանայ որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Եթովպիոյ մէջ հաստատուած հայերը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են երկրի տնտեսութեան մէջ: Աւելին՝ Սարգիս Թերզեան անունով երիտասարդ մը երկու այլ հայերու հետ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են Իտալական գաղութատիրութիւնը ձախողցնելուն մէջ: Անոնք ձեւ մը գտած էին Եւրոպայի մէջ զէնքեր ճարելու եւ գաղտնի ճամբաներով Եթովպիա հասցնելու, այդպիսով՝ Իտալացիներու փորձերը երկիրը գրաւելու ձախողցնելով: Վերաբնակեցուած իտալացի գաղութարարները զէնքի ուժով երկրէն հեռացուած էին:
Ասպետը կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս հայերը ամբողջ աշխարհի տարածքին միշտ յաջողութիւններու հասած են, իսկ շատերը նուաճած են բարձունքներ զանազան բնագաւառներու մէջ, մինչ Հայաստան կը մնայ աղքատ, յետամնաց եւ թշուառ: Պէտք էր բան մը ընել. ամէն ինչ հայկական պետութենէն պէտք չէր ակնկալել: Ամէն հայ անհատ կրնար ներգրաւուիլ՝ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ իր մասնակցութիւնը բերելով:
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, Ասպետը եւ Այտան կ՛որոշեն տարուան կէսը ապրիլ Հայաստանի մէջ եւ լծուիլ գիւղերու զարգացման գործին, որովհետեւ գիւղն էր երկիրը պահող հիմնական վայրը: Անհրաժեշտ էր գիւղացիին հոգը թեթեւցնել: Անոնք կ՛որոշեն հաստատուիլ Գոշի մէջ եւ զարգացնել զայն: Բայց ինչպէ՞ս հասնիլ այդ նպատակին, երբ հայկական կամ հայրենի կազմակերպութիւններուն նկատմամբ հայութիւնը կորսնցուցած էր իր վստահութիւնը, որովհետեւ անոնց տասնամեակներու վրայ երկարած Հայաստանը հզօրացնելու կոչերը եւ լօզունգները ընդհանրապէս ձախողած էին՝ այլեւայլ, մերթ առարկայական եւ մերթ քաղաքական պատճառներով, ու քիչ չէին նաեւ գումարներու, անհատ մարդոց գրպանին մէջ կորսուելու պարագաները: Լուծումը, կը մտածէ Ասպետը, կազմակերպութիւններուն դիմելու փոխարէն անհատ ընկերներու դիմելն է: Տասը միլիոն հայ կայ- կը մտածէ ան, եւ ամէն անհատ հայ վստահաբար ունի իրեն հաւատացող փոքր շրջանակ մը, ուրեմն ինչու չդիմել անձամբ անոնց:
Առաջին նախաձեռնութիւնը կ՛ըլլայ սովետական օրերէն մնացած, քար ու քանդ վիճակի մատնուած գիւղի դպրոցը հիմնովին նորոգել: Կը դիմէ Ամերիկայի մէջ հաստատուած քանի մը «Մելգոնեան»էն շրջանաւարտ դասընկերներու. անոնք ոչ թէ կ՛ընդառաջեն, այլ «Մելգոնեան»ի շրջանաւարտներու միութեան կը փոխանցեն լուրը: Մէկ առ մէկ՝ բոլորը կը հեռաձայնեն Ասպետին՝ հաղորդելով իրենց պատրաստակամութիւնը՝ մասնակցելու յստակ եւ ճշգրիտ ծրագիրներու իրագործման:
Դպրոցի վերանորոգումը կ՛իրականանայ գիւղի երիտասարդներու վճարովի մասնակցութեամբ: Երեսուն տարիներ ետք, առաջին անգամ ըլլալով գիւղը կ՛ունենար գեղեցիկ եւ ամէն ինչով՝ նստարաններով, սեղաններով, ջեռուցման համակարգով, ճաշարանով, խաղավայրով, համակարգիչներով, գիւղի, քիչ թէ շատ, նկարելու ձիրք ունեցող երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու, դասարաններուն պատերուն նկարած տեսարաններով, նախակրթարանին համար «սմարթ» խաղալիքներով, մանկական գրքերով, «Լեկօ»ներով եւ այլն…: Մէկ խօսքով՝ գիւղը ամբողջութեամբ հեռուէն կամ մօտէն կը մասնակցի դպրոցի վերակառուցման, եւ այս բոլորը՝ Այտայի անմիջական վերահսկողութեամբ:
Յաջորդը՝ դարձեալ Սովետական օրերէն մնացած, եւ նոյնպէս աւերակի վերածուած գիւղի ակումբն էր: Գործը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ Հոկտեմբերին պաշտօնապէս անոր բացումը պիտի կատարուի: Մինչ այդ, արդէն կազմակերպուած է գիւղի պարախումբը, որ ունի շուրջ քառասուն մանուկներ՝ իրենց համար համագիւղացի վճարովի պարուսոյցով:
Բողարեանները եւ իրենց ետին մելգոնեանականները վճռած են կանգ չառնել եւ կը ծրագրեն Գոշը դարձնել քսանմէկերորդ դարուն վայել գեղեցիկ եւ զարգացած գիւղի: Երկու վայրերուն վերակառուցման զուգահեռ, անոնք գիւղին մէջ հիմնուած Կարէն Վարդանեանի «Արմաթ» երկրաչափական եւ ռոբոթաշինական (մարդ-մեքենայ պատրաստելու) հիմնարկի մասնաճիւղին պակսող լաւագոյն իրերը բերած են, իսկ հիներնը եւ անորակները փոխարինած՝ Ամերիկայէն ուղարկուած նորերով եւ որակաւորներով, համակարգիչներէն սկսած 3D տպագրիչներով, թուղթերով եւ բոլոր անհրաժեշտ իրերով վերջացած:
Այտան կազմակերպած է գորգագործութեան դասընթացքներ՝ յատուկ մասնագէտ մը հրաւիրելով: Ան ձեռնարկած է online անգլերէնի ուսուցման: Ասպետը յաջողած է հիմնել գիւղի ֆութպոլի խումբը, կազմակերպած է մանուկներու համար «հայքինկ» արշաւներ, գիւղի լեռներուն վրայ եւ անտառներուն մէջ: Շուտով մելգոնեանական բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ ակնաբուժ մը պիտի գան Ամերիկայէն, գիւղացիներուն առողջական վիճակը քննելու եւ բժշկելու համար:
Անոնք կրթական ոլորտին մէջ եւս ներդրումներ նախատեսուած են: Ամբողջապէս կը հովանաւորեն լաւագոյն նիշերով աւարտող աշակերտներուն համալսարաններու մէջ ուսումը շարունակելու կրթաթոշակները եւ կեցութեան ծախսերը:
Նոյնիսկ զբօսաշրջիկներու զանազան յուշանուէրներ ծախողներուն մասին մտածած են Բողարեանները: Գիւղի կիներուն կը սորվեցնեն ուլունքագործութիւն, փայտեայ եւ միայն Գոշի գիւղին յատուկ յուշանուէրներ պատրաստել, խուսափելով այն իրերէն, որոնք բոլոր միւս գիւղերուն մէջ կարելի է գտնել: Անոնք գնած եւ գիւղը բերած են կարի մեքենաներ եւ ձեռնարկած կիներուն դերձակութիւն սորվեցնել: Ամերիկայէն մելգոնեանական կամ այլ Հայաստան այցելած գործարարներ հրաւիրած են, որպէսզի երիտասարդներուն իրենց փորձառութիւններէն պատմեն եւ զանոնք մղեն եւ դրդեն (motivate) գործերու նախաձեռնելու, եւ արդէն յաջողութիւն գտած են, կ՛ըսէ Ասպետը, եւ քանի մը երիտասարդներ արդէն գործ հիմնած են եւ բաւական յառաջդիմած:
Յաջորդ երկու տարիներուն համար արդէն մշակուած են աշխատանքի բաւական յանդուգն ծրագիրներ, որոնք աւելիով պիտի խթանեն զբօսաշրջութիւնը:
Հարցումիս՝ թէ ի՛նչ դժուարութիւններու կը հանդիպին, պատասխանը անսպասելի էր. ան ըսաւ, թէ երբ որեւէ դիտողութիւն կ՛ընեն, օրինակ սիկարէթի աւելցուկները գետին նետելու մասին՝ կռանալով իրենք անձամբ կը վերցնեն ու մօտակայ աղբամանին մէջ կը հասցնեն. գիւղացիները զարմացած կ՛ըսեն. «Ասպետ ջան, էհ՜՜ ինչ ես անում, թող. էս Հայաստան է…»:
Բայց հիմա, գոնէ իրենց ներկայութեան՝ կ՛ամչնան աղբը գետին նետել: Հիմա արդէն գիւղը մաքրելու շաբաթօրեայ օր նշանակուած է՝ մասնակցութեամբ աշակերտներուն:
«Ժողովուրդին մտայնութիւնը պէտք է փոխել», կ՛ըսէ Ասպետը:
Ըստ անոր՝ Հայաստանը կարելի է դրախտի վերածել: Տասը միլիոն հայութիւն կայ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ շուրջ հազար գիւղեր. անկարելի չէ գտնել հազար հայեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը գիւղ մը ստանձնելով եւ իր շրջապատին դիմելով՝ ապահովէ այդ գիւղերուն մէջ կառոյցներու հիմնումը եւ ժողովուրդին դաստիարակութիւնը: Պէտք է խուսափիլ տալէ նիւթական նպաստներ, որոնք մարդը ծուլութեան կը վարժեցնեն. փոխարէնը անոնց պէտք է սորվեցնել աշխատիլ եւ նախաձեռնել:
Ան հայութիւնը կը նմանեցնէ լաւ հունտի, որ կ’աճի, եթէ պարարտ դաշտի մէջ ցանուի:
Այդ դաշտը ստեղծելու համար, թող գործեն կազմակերպութիւնները, որպէսզի վերաշահին իրենց նկատմամբ ազգի վստահութիւնը: Թող գործէ պետութիւնը, թող գործեն անհատները՝ Ասպետի եւ Այտայի նման անհատները:
Ընդամէնը՝ հազար հայ անհատներ: