27 Սեպտեմբերին յայտնաբերուեցաւ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման ընթացքին` 14 Սեպտեմբերէն անյայտ կորսուած նկատուող շարքային Սամուէլ Անթանեան: Անոր առողջական վիճակը բաւարար է:
Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, 27 Սեպտեմբերին, յարաբերականօրէն կայուն վիճակ կը տիրէր, եւ իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած։