Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով, 25 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի տագնապի լուծման եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Շիֆին՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած բարեկամական վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Արցախին մնայուն կերպով սատարելուն համար եւ ընգծեց, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն քոնկրեսական Շիֆին եւ անոր պաշտօնակիցներուն անձնուէր պայքարը՝ յանուն արցախահայութեան օրինական իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Հանդիպման մասնակցեցան Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու ու Գանատայի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան:

Նոյն օրը, Դաւիթ Բաբայեան ներկայ գտնուեցաւ Պըրպենքի Սուրբ Ղեւոնդ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին: Ապա ան հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի ներկայ իրավիճակին, տագնապի լուծման գործընթացին, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցեր:
Բաբայեան ընդգծեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը պետականաշինութեան եւ Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ:
well done. Thanks to Mr. Adam Sieff, Jackie Spier, Frank Palon, Anna Eshoo for all efforts standing by Armenia.