23 Սեպտեմբերի առաւօտեան, ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացին Գեղարքունիքի մարզի Կուտական գիւղին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի բանակը դարձեալ խախտեց զինադադարի դրութիւնը: Լուրը հաղորդեց «Ազատութիւն»ը։
Աւելի կանուխ, Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գիւղին մէջ վիճակը հանգիստ է եւ բնակիչները չեն տարհանուած, սակայն Կուտականի մէջ մնացած են շուրջ 10 տղամարդեր, որոնք ըսին, թէ մնացած են՝ իրենց տուները պաշտպանելու համար, իսկ կիները եւ մանուկները տակաւին 10 օր առաջ` 13 Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ` մեկնեցան գիւղէն:
«Ժամը 2ի սահմաններում էլ կար կրակոց, մի 20 րոպէ տեւեց», ըսաւ բնակիչներէն մէկը։
«Գիւղում մարդ չի մնացել, գնացել են, ով էլ կար էս 13ից յետոյ են գնացել, երեխայ ունեն, բա ի՞նչ անեն: Էն ամբողջ սարերը թուրք ա նստած, ի՞նչ անեն, վերջին տնից 800 մետր ա հեռու, ո՞վ իր երեխան կ՛առնի կը մնայ ստեղ: Դիրքերի վրայ են կրակում», նշեց «Ազատութեան» զրուցակիցը:
Ինչպէս նշեցին գիւղացիները՝ 23 Սեպտեմբերին, միայն մէկ անգամ չէ, որ կրակոցներ լսուեցան հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, ըստ անոնց, նաեւ կէսօրէն ետք կրակոցներ եղան: Մատնանշելով, թէ ո՛ւր տեղակայուած են ատրպէյճանական ուժերը` գիւղի բնակիչները նշեցին, որ երեք օրերու ընթացքին ատրպէյճանցիներուն թիւը այդ հատուածին մէջ աւելցած է։
Ատրպէյճան իր կարգին 23 Սեպտեմբերին հայկական կողմը մեղադրեց՝ իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալու յանցանքով, իսկ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը հերքեց այդ ապատեղեկատուութիւնը: