ՀԱՊԿն նախագահող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի համակարգումով, 21 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ աւանդաբար տեղի ունեցող ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին, ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակեցին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանի օրակարգին վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուեցաւ ՄԱԿի ծիրին մէջ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու համագործակցութեան ամրապնդումը:
Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ատրպէյճանական վերջին յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: