Շնորհաւո՛ր Տօնդ, Հայաստա՜ն
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումը, որ իրականացաւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին, այսօր կը թեւակոխէ 31րդ տարին, առանց սակայն տօնական մթնոլորտ ստեղծելու հայրենի եզերքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող աւելի քան տասը միլիոն հայերուս սրտին մէջ, որովհետեւ այսօր մեր հայրենիքը վտանգուած է թշնամի մեծ տէրութիւններու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ եւ բռնուած՝ փանթուրանական աքցանի մէջ, միակ պատուար ունենալով՝ հայոց արիասիրտ բանակը, որուն ոգեկան կորովն ու անպարտելիութեան խրոխտ կեցուածքը ե՛ն ու կը մնա՛ն մեր բոլորին աղօթքներուն, աղերսներուն եւ սիրոյն կիզակէտը՝ իբրեւ Հայաստանի ու մեր ազգի գոյատեւման հիմնական գրաւականը:
Այո՛, Հայաստանի տօնը այսօր, նաեւ առիթ է մեր ամբողջանուէր յարգանքը ցուցաբերելու Հայոց բանակին, որուն զօրավիգ ու թիկունք պէտք է կանգնինք մենք բոլորս համախումբ ու կաթոգին եւ լաւապէս գիտակցինք, որ ամենածանր այս հանգրուանին, մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ պատմաքաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամ, իսկ մեր միակ յոյսը մեր բանակն է, մեր առիւծասիրտ մարտիկ-զաւակները, որոնց կը յղենք մեր ջերմ աղօթքները, անսակարկ սէրն ու անմնացորդ յարգանքը՝ ըսելով. «Թող Հայոց Բանակի ԶԷՆՔՆ ՈՒ ԲԱԶԿԻ ՈՒԺԸ աստուածային զօրութիւն հագնին, որպէսզի հայրենիք ու ազգ մնան անկոտրում ու յաղթական, թշնամի բոլոր տեսակի յարձակումներուն դիմաց»:
Շնորհաւո՛ր տօնդ, Հայաստա՜ն:
Ասի լաւ գրվածք է: Իմ հաշիվովս, Հայաստանի չթեւակոխէր 31երորդ տարի, հապա 32րորդ տարին: Անկախ եղանք 1991ին, ըսէլ է որ հիմա 31 տարին ետեւնիս է: Քիչ մը թվաբանութիւնը չվնասէր: