Կիրակի, 18 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ հոգեւոր առաջնորդներ համայնական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, վասն անսասանութեան Հայաստան աշխարհի եւ նահատակ զինուորներու հոգւոցն լուսաւորութեան, առ ի մխիթարութիւն իրենց ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին:
Այս առիթով Ս. պատարագ մատոյց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Յընթացս սրբազան արարողութեան, համանախագահութեամբ առաջնորդ սրբազաններ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, հայրենիքի վերանկախացման տօնին առիթով, մասնակցութեամբ սրբազան արքեպիսկոպոսներու, վարդապետ եւ քահանայ հայրերու, ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդէն ներկայացուցիչներու, ազգային ղեկավարներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան մը:
Որքան գօտեպնդիչ էր եւ յուսաբեր հայ ազգի զոյգ կաթողիկոսներուն՝ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի, պատգամներուն ընթերցումը եկեղեցւոյ խորանէն, ընթերցուած՝ զոյգ առաջնորդներուն կողմէ, որոնք իրենց հօտին հետ մէկ սիրտ եղած՝ ներքուստ նաեւ աղերսեցին Երկինքի միջամտութիւնը, հայրենի հողերու ու հայ ազգի փրկութեան եւ շրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:

