ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստական աշխատանքները չեն դադրած՝ հակառակ ներկայ սրացման եւ լարուածութեան: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան յիշեցուց, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ 8-9 Սեպտեմբերին այցելեց Պաքու, իսկ 13-14 Սեպտեմբերին՝ Երեւան:
«Բանակցութիւններու հիմնական նիւթը խաղաղութեան պայմանագիրի նախագծի քննարկումըեղած է: Մենք կը վստահեցնենք, որ համապատասխան ջանքերը պիտի շարունակուին», յայտնեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին յառաջացած վերջին լարուածութեան վերաբերող Ռուսիոյ դիրքորոշումը ներկայացուած է արտաքին գործոց նախարարութեան 13 Սեպտեմբերի յայտարարութեան մէջ: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ հարցերը լուծելու քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով, որոնց կարգին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եռակողմ յանձնաժողովի ծիրին մէջ», նշեց ան՝ հաւանական նկատելով, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրման հարցին ուշադրութիւն դարձուի նաեւ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վերաժողովի ծիրին մէջ, որուն ընթացքին նախատեսուած է հանդիպում Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ:
«Մեր զինուորականները սերտ կապի մէջ են երկու կողմերուն հետ՝ կայուն զինադադարի հասնելու եւ ատրպէյճանական ու հայկական զօրքերուն իրենց սկզբնական դիրքերը վերադարձնելու ուղղութեամբ», շեշտեց Զախարովա: