Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմէն քաղաքին մէջ գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։
Այս հարցին անդրադարձաւ Մենեմէնի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվան՝ յայտնելով, որ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ պիտի օգտագործուի իբրեւ «մշակոյթի եւ գիտութեան կեդրոն»:
Փեհլիվան ընդունեց, որ եկեղեցին մինչեւ 1922 հայերու կողմէ օգտագործուած է, որմէ ետք անուշադրութեան մատնուած է եւ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած իր նախկին տեսքը:
Նշենք, թէ Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին թուրքերու կողմէ որոշ ժամանակ օգտագործուած է իբրեւ զինուորական պահեստանոց, ապա՝ իբրեւ ախոռ։