ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք դատական գործընթացին բծախնդիր լրջութեամբ հետեւող եւ այս նիւթին շուրջ կատարած յայտարարութիւններով հասարակութիւնը իրազեկ պահող «Հրանդի ընկերները» հարթակը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին։
Վերջին տարիներուն, նախկին աւազակապետ Սետաթ Փեքեր իր ապաստանած վայրէն հրապարակած տեսանիւթերով եւ գրառումներով լուրջ փորձանք մը դարձած է գործող իշխանութեան համար։ Փեքեր անհերքելի փաստերու վրայ կը հիմնէ իր պնդումները, որոնք բացարձակ լռութեամբ կը դիմաւորուին իշխանութիւններուն կողմէ։
Ան վերջերս հրապարակումներ ունեցաւ նախկին զինուորականի մը՝ Լեւենթ Կէօքթաշի հասցէին։ Այս հրապարակումէն ետք, այլ աւազակապետի մը՝ Չաքըճըի նախըին իրաւապաշտպանը՝ Մեհմետ Սինան Ինճէ, հրապարակեց զգայացուցն պնդում մը, ըստ որուն, 2016ին, Կէօքթաշ խորհրդարանին մէջ մահափորձ պիտի կատարէր Կարօ Փայալանին դէմ։
Այս պնդումէն ետք, Կարօ Փայլան հարցաքննութեան պահանջով՝ դիմում կատարեց Անգարայի դատախազութեան, որմէ ետք եւս Ինճէ շարունակեց իր սպառնական գրառումները։
«Հրանդի ընկերները» այդ զարգացումները նշելով՝ պախարակեցին դատական մարմիններու պահած լռութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Կարօ Փայլանին։
Կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Կարօ Փայլան առաջին օրէն իսկ հարթակի յառաջատար գործիչներէն եղած է եւ 2015էն սկսեալ մեծ աշխոյժութեամբ արդարութեան պայքար կը տանի նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ՝ իբրեւ ընտրեալ երեսփոխան։
«Անընդունելի է բացայայտ կերպով հրապարակուած մահափորձի, ապա շարունակուող սպառնալիքներուն դէմ դատախազութեան անդրդուելի կեցուածքը։ Կարօ Փայլան ժողովուրդի ձայներով ընտրուած պատգամաւոր մըն է։ Անոր ուղղուած սպառնալիքը ուղղուած է նաեւ ժողովուրդի կամքին։ Կարօ Փայլան ընդմիշտ մերժած է զոհի կամ հերոսի կերպարը։ Ան միայն խաղաղութեան եւ արդարութեան դրօշակակիրը եղած է եւ մենք կը շարունակենք իր կողքին մնալ», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ։